ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի պարէնի կազմակերպութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան «Սնունդ՝ աշխատանքի դիմաց ծրագիր»ի շրջանակներով վերանորոգումէն յետոյ օրերս սկսած է գործել Սպիտակի թիւ 1 դպրոցը:
Դասասենեակներու եւ գրասենեակներու ներքին յարդարումէն բացի, հիմնովին նորոգուած են դպրոցի տանիքը, սալիկապատուած են խոհանոցը ու պէտքարանները:
Դպրոցի տնօրէնութիւնը վերանորոգման համար ներդրած է որոշ գումար: