ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 31ին գումարուած արդարադատութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին, որոշուեցաւ նախագահի հաստատման ներկայացնել դատաւորի պաշտօնի թեկնածուներու 2007ի ցուցակը: Արդարադատութեան նախարարի առաջարկով, ընդգրկուած 27 թեկնածուներէն հաստատուած է 25ի թեկնածութիւնը:
Ըստ վճռաբեկ դատարանի մամլոյ քարտուղար Ալինա Ենգոյեանի, նիստի ընթացքին հաստատուեցան նաեւ առաջին ատեանի, վերաքննիչ եւ տնտեսական դատարաններու դատաւորներու պաշտօնի բարձրացման 2007ի ցուցակները:
Արդարադատութեան խորհուրդին առնչուող օրէնքի 13րդ յօդուածի համաձայն՝ նախագահը մէկ ամսուան ընթացքին պէտք է հաստատէ դատաւորի պաշտօնին թեկնածուներու եւ պաշտօնի բարձրացման վերը նշուած ցուցակները: