Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ՝ կազմակերպուած է Արցախի ապագային նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ 28 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին «Մոնկ» կեդրոնին մէջ (404 Westwood Plaza, Los Angeles, CA 90095)։
Բանախօսն է՝ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Դաւիթ Բաբայեանին, որ Քալիֆորնիա կ՛այցելէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով եւ պիտի մասնակցի 24 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին, իսկ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, ան պիտի ստանայ կազմակերպութեան հեղինակաւոր «Ազատութեան Մրցանակ»ը։
Միջանկեալ նշենք, որ Բաբայեանին ընկերացող իրաւագէտ դոկտ. Եղիշէ Կիրակոսեան 26 Սեպտեմբերին, կ.ե. ժամը 12։15էն սկսեալ դասախօսութիւն մը պիտի տայ նոյն համալսարանին մէջ, նախաձեռնութեամբ «Խոստումը» Մարդկային իրաւանց հիմնարկին, փոքր երկիրներու կողմէ միջազգային իրաւունքի օգտագործումին մասին։
Բաբայեան ծնած է Ստեփանակերտ։ Ան արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է Յունուար 2012ին, որմէ առաջ ան Արցախի նախագահի բանբերն էր 2007էն սկսեալ, իսկ 2005էն 2007 եղած է Արցախի նախագահի խորհրդական։ Ան հիմնադիր անդամներէն մէկն է Արցախի Պահպանողական կուսակցութեան։ Ան մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ եւ պատմաբան է։ Ան Պաքուի բռնատիրական կարգերուն դէմ Արցախի հայութեան դիւանագիտական պայքարի գլխաւոր դերակատարն է եւ կը պաշտպանէ Արցախի ինքնիշխանութեան իրաւունքը ու ջանք կը տանի ազատ արձակելու պատերազմի բոլոր գերիները
Նախարար Բաբայեանի դասախօսական ձեռնարկին տեղեր ապահովելու համար այցելել bit.ly/PAI9-28-22 կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ www.international.ucla.edu/armenia կայքէջը, դիմել info@international.ucla.edu հասցէին կամ (310) 569-6325 թիւն։