Լոս Անճելըսի լիբանանեան հիւպատոսարանը նախանցեալ շաբաթ յայտարարեց, թէ Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Փիեռ Ժըմայէլի սպանութեան առիթով, ջնջած է անկախութեան տօնին առիթով նախատեսուած պաշտօնական ընդունելութիւնը եւ թէ՝ այս տխուր առիթով, Նոյեմբեր 27ին եւ 28ին, ցաւակցութիւններ պիտի ընդունի։
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ի առաւօտեան, հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Շարպէլ Ուահպէի հետ, եւ յանուն թեմի Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան, ցաւակցութիւն յայտնեց անոր։ Առաջնորդ սրբազանը նաեւ հիւպատոսէն խնդրեց այս զգացումները փոխանցել Լիբանանի պետութեան վարիչներուն։
Յանուն առաջնորդ սրբազանին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, եւ Ազգ. վարչութեան ատենադպիր Պօղոս Սասունեան Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ի կէսօրին այցելութիւն մը տուին Լիբանանի հիւպատոսարանը եւ հիւպատոսին ու անձնակազմին ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք, ցաւակցական գիր մը արձանագրեցին այս տխուր առիթով բացուած յուշամատեանին մէջ։