ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Սեպտեմբեր 17ին պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսին: Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, այս այցը, ինչպէս պաշտօնական կարգն է, ամիսներ առաջ նախածրագրուած եւ նախապատրաստուած չէր, այլ կը մեկնէր պահի թելադրանքէն, որու մէջ յայտնուած է Հայաստանը: Առհասարակ նման անձնաւորութիւններ իրենց շրջապտոյտը կը կատարեն այցելելով տուեալ տարածաշրջանի քանի մը երկիրներ, մինչդեռ Փելոսիի այցը սահմանափակուած էր միմիայն Հայաստանով: Ի դէպ, Հայաստանի անկախացումէն ետք, սա ամերիկացի ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեայի այցն էր Հայաստան:
Փելոսիի այս այցելութիւնը կը յաջորդէր Սեպտեմբեր 13ին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ անոր յաջորդող քաղաքական գործընթացներուն, որոնք բազմաթիւ խաղաթուղթեր բացին:
Փելոսի Հայաստանի մէջ իր հանդիպումներէն ետք ուղղեց պատգամներ, թէ՛ Հայաստանի կառավարութեան, թէ՛ թուրք-ատրպէյճանական կողմին եւ թէ Ռուսիոյ:
Ամէնէն ուշագրաւ յայտարարութիւնը այն էր, որ Ուքրանիայէն Թայուան եւ մինչեւ Հայաստան Ամերիկա ընտրած է ժողովրդավարութիւնը: Այլ խօսքով, ամերիկացի պաշտօնատարը յստակօրէն նշեց որ Ամերիկա ինչպէս Ուքրանիոյ (զինուորապէս) եւ Թայուանի (քաղաքականապէս) թիկունք կը կանգնի, նոյն ձեւով պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանին, եթէ վերջինս յստակօրէն քաղաքականապէս կողմնորոշուի: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստան կարեւոր երկիր է Միացեալ Նահանգներուն համար:
Փելոսիի այս արտայայտութիւնները սոսկ խօսքեր չէին: Սեպտեմբեր 13ին սկսած պատերազմի զինադուլը կարելի եղած էր իրագործել Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի միջնորդութեամբ, որ աւելի ուշ Ատրպէյճանէն պահանջեց ոչ միայն զինադուլը յարգել, այլ նաեւ զօրքերը դուրս հանել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն:
Իրականութեան մէջ, ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ:
Ըստ էութեան, 2020ի Արցախեան պատերազմի զինադուլով պատերազմը վերջ չէ գտած: Ատրպէյճան Նոյեմբեր 9ի յայտարարութենէն ետք բազմիցս ձեռնարկած է պատերազմական գործողութիւններու թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի դէմ, հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի քան մէկ տարի է նշանախօսք ընտրած են խաղաղութեան օրակարգը:
Ատրպէյճանի յարձակողական քայլերն առաջին հերթին հարցականներ ստեղծեցին Ռուսիոյ կրաւորականութեան մասին: Հակառակ այն փաստին, թէ Հայաստանը անդամակցած է ՀԱՊԿին եւ ռազմավարական դաշնակից է Ռուսիոյ, սակայն ո՛չ ՀԱՊԿը եւ ո՛չ ալ Ռուսիա շարժեցան կասեցնելու պատերազմը եւ նոյնիսկ բերանացի քննադատութիւն չեղաւ Ատրպէյճանի հասցէին:
Թէ՛ Ռուսիան եւ թէ Ատրպէյճանը (բնականաբար նաեւ Թուրքիան) զինուորական մագլցումով կը փորձեն Հայաստանէն կորզել «Զանգեզուրի միջանցք»ը: Պատերազմէն մէկ օր առաջ վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Հայաստանը ոչ մէկ պետութեան միջանցք պիտի չտրամադրէ: Այս յայտարարութիւնը ուղղուած էր Ռուսիոյ: Վերջինս կը ձգտի ունենալ Սիւնիքի միջանցքը երկու նպատակով․ առաջին՝ թէ Հայաստանը եւ թէ Ատրպէյճանը աւելիով իրմէ կախեալ վիճակի մէջ պահելու, իսկ երկրորդ՝ վերահսկելու նախատեսուած Հիւսիս-հարաւ (Հնդկաստան-Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Սեւ Ծով) Մետաքսի նոր ճանապարհը: Իսկ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան այդ միջանցքը ունենալով, իրականացման փուլ կը մտնեն իրենց փանթուրանական ծրագիրը:
Այս միջանցքի գաղափարին առաջին ընդդիմացողը Իրանն է: Սիւնիքի միջանցքը իրականութիւն դառնալու պարագային Իրան մէկընդմիշտ դուրս կը մղուի կովկասեան տարածաշրջանէն եւ ժամանակ մը ետք ինք եւ մասնատուելու վտանգին առջեւ կրնայ գտնուիլ, նկատի ունենալով որ Իրանի հիւսիսը (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններուն) կը բնակին աւելի քան 15 միլիոն ատրպէյճանցիներ: Այս պատճառով ալ Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ յաճախ կը յայտարարեն, թէ Հայաստանի սահմաններու փոփոխութիւնը անընդունելի է իրենց համար:
Ուաշինկթըն նոյնպէս դէմ է միջանցքի գաղափարին: Անցեալ տարի Ամերիկայի դեսպանին յաճախակի այցելութիւնները Սիւնիք այդ պատգամը ունէին իրենց մէջ: Այսօր, երբ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ պատերազմով կը փորձէ հետզհետէ պաշարել եւ տկարացնել Ռուսիան, երբեք համաձայն չէ, որ Հիւսիս-հարաւ ճանապարհը վերահսկուի Ռուսիոյ կողմէ: Արեւմուտքի համար եւս մտահոգութիւն է Թուրանիոյ ստեղծումը, երբ նոյն Արեւմուտքը այսօր կը փորձէ փոքրացնել Ռուսիան իբրեւ գերուժ, ապա երբեք ցանկալի պիտի չըլլայ անկանխատեսելի եւ Ռուսիայէն աւելի կազմակերպուած նոր գերուժի մը ստեղծումը:
Այսօր Հայաստան աշխարհի միակ երկիրն է ուր Ամերիկայի եւ Իրանի շահերը կը համընկնին: Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է լաւագոյնս օգտագործեն քաղաքական այս պահը եւ երկու կողմին հետ հմուտ դիւանագիտութեամբ աշխատելով, լուծեն Հայաստանի անվտանգութեան հարցը, ինչ որ մեր առջեւ դրուած գերխնդիրն է այսօր:
Բաւական լաւ գրվածք մըն է ասի, բայց եթէ մէկը հարցնէ որ ըսածը ի՞նչ է, յստակ բան մի չիկայ: Յետոյ, բաւական սխալներ ալ կան մէջը: Օրինակ, կըսէ որ Բելոսսիին այցելութիւնը չէր պատրաստված. ասանկ այցելութիւնները մէկ օրվայ մէջը չեն ըլլար, ասի սանտուիչ ուտելու երթալ չէ, որ բորդ անոթենանէ ելլես եւ խանութ մը երթաս: Եթէ լուրերուն լաւ մտիկ ըներ, պիտի լսեր որ Բելոսսիին այսելութիւնը մի քանի շաբաթէ կը պատրաստէին: Ուրիշ բաներ ալ կայ: Ասանկ սխալները կը վնասէ գրվածքին: Լաւ չէ: