ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Սեպտեմբեր 12ի կէս գիշերը, ժամը 00։05ին, Ատրպէյճան յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ: Ժամը 2ին, Միհրան կ՛երթայ ընկերոջ մօտ, կ’առնէ անոր ինքնաշարժը եւ չորս ընկերներով կ՛ուղղուին Ջերմուկ, մասնակցելու ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն: Դժբախտաբար Ջերմուկի ճամբուն վրայ, ինքնաշարժի արկած մը կը խլէ Միհրանին կեանքը եւ անաւարտ կը ձգէ անոր այս առաքելութիւնը: Բարեբախտաբար Միհրանի միւս երեք ընկերները կը փրկուին:
Միհրանին ճանչցողներուն համար անակնկալ չէր առաջին իսկ կրակոցին հետ ճակատ երթալու անոր շտապողականութիւնը: 2016ին, երբ կը գտնուէր պարտադիր զինուորական ծառայութեան մէջ, ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմին ամենաթէժ կէտերուն վրայ: 2020ին, երբ կը սկսի Արցախեան 44օրեայ պատերազմը, Միհրան առաջին կամաւորներէն կ՛ըլլայ, որ կը մեկնի Արցախ՝ Եղնիկներ, եւ հերոսաբար կը մասնակցի կռիւներուն: Զինադուլի յայտարարութենէն ետք, երբ կամաւորները կը սկսին վերադառնալ, ան եւս կը վերադառնայ եւ դարձի ճամբուն վրայ իր մտերիմ ընկերոջը կ՛ըսէ. «Ամաչում եմ էսպէս պարտուած տուն վերադառնալ»:
Պարտուածի ամօթանքի այս զգացումը Միհրանը պահեց իր մէջ եւ զայն յաղթանակի վերածելու վճռականութեամբ 2021ի Մայիս 12ին եւ Նոյեմբեր 16ին, երբ ատրպէճանական զօրքերը յարձակեցան Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի վրայ, ան առանց վայրկեան մը իսկ վարանելու գնաց ռազմաճակատ, հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Սեպտեմբեր 13ին եւս նոյն ոգիով ան ճամբայ ելաւ, բայց ափսոս, դեռ դիրքեր չհասած, նահատակուեցաւ:
Միհրան ծնած է Կաթնաղբիւր գիւղը, 1994 Մայիս 4ին, եւ հասակ առած է կիրթ եւ ազնուական ընտանիքի յարկի տակ: Հայրը՝ գիւղի դպրոցի տնօրէն, իսկ մայրը՝ դասատու: Գալշոյեանական հայրենասիրական մթնոլորտի ու դաստիարակութեան մէջ, ան յաճախած եւ աւարտած է գիւղի Մուշեղ Գալշոյեանի անուան դպրոցը եւ ապա՝ Հայաստանի Ազգային «Փոլիթեքնիքական» համալսարանի ուժանիւթի մասնաբաժինը: 2016-2020 թուականներուն կ՛աշխատի «Կրին Ֆարմ» ընկերութեան մէջ:
Միհրան սոսկ զինուոր չէր: Ան զինուորական կրթութեան եւ կարողութիւններուն զուգահեռ օժտուած էր մտաւորական եւ կազմակերպչական կարողութիւններով: Ան անդամագրուեցաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան եւ վարեց պատասխանատու պաշտօններ, բայց 2019ին, տարակարծութեան պատճառով, դուրս եկաւ ՀՅԴէն: Այս հանգամանքը պատճառ չեղաւ, որ ան դադրի հասարակական գործունէութիւն ծաւալելէ: 44oրեայ պատերազմէն ետք միացաւ «Մարտական Եղբայրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան, միաժամանակ մինչեւ իր նահատակութիւնը եղաւ Թալինի քաղաքապետի խորհրդական: Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴի հետ կապեր հաստատելով, ան կը յաջողի Արեւմտեան Ամերիկայի ԿԿի հովանաւորութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ Զովասար գիւղի դպրոցի վերանորոգումը իրականացնել, իր հետեւողական հետապնդումին շնորհիւ: Ան նաեւ տարբեր գիւղերու մէջ այլ ծրագիրներ ալ կ՛առաջարկէ ԿԿին եւ կ՛արժանանայ հաւանութեան, բայց վաղահաս մահը զրկեց Միհրանին այդ ծրագիրներու գործադրութիւնը տեսնելէ…
Միհրան էութեամբ դաշնակցական էր: Համոզուած ընկերվարական էր եւ իրեն համար Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը գերագոյն արժէքներ էին, որոնց համար ան չխնայեց նոյնիսկ իր կեանքը: Զոհողութեան այս ըմբռնումը ան ստացած էր իր ծնողներէն: Շուրջ տարի մը առաջ, իրենց տանը կը զրուցէինք իր հօր՝ Արթուր Ասատրեանի հետ, 44օրեայ պատերազմի մասին: Միհրանի հայրը ըսաւ. «Ես բարոյական իրաւունքը չունիմ իմ զաւակիս արգիլելու կամաւոր երթալու պատերազմի, երբ իմ աշակերտներուս կը դաստիարակեմ որ հայրենիքի համար պէտք է նոյնիսկ կեանքի գնով ծառայել»:
Թէեւ երիտասարդ, բայց բեղուն կեանք մը ունեցաւ Միհրանը: Ան սիրուած եւ յարգուած էր հեռուէն թէ մօտէն զինք ճանչցողներուն կողմէ: Հոգեճաշի ընթացքին անոր հօր արտասանած խօսքին մէջ պէտք է հասկնալ Միհրանի ապրած կեանքի իմաստը. «Ես չգիտեմ Միհրանը քանի տարի կրնար ապրել, եթէ այս պատահարը չլինէր, 50՞, 60՞։ Հիմա դա նշանակութիւն չունի։ Մենք պէտք է նայենք Միհրանի ապրած 28 տարիներին ու նրա կատարած գործերին»:
Միհրանի նահատակութեան լուրը լսելով, ընկեր մը իր ցաւին ու ափսոսանքին մէջ այսպէս արտայայտուեցաւ. «Հաւանաբար նախախնամութիւնը այսպէս ըրաւ. եթէ հասնէին ռազմաճակատ, չորսն ալ նահատակուէին»:
Այո. Միհրանը իր մահով թերեւս փրկեց իր ընկերները: Պատերազմի դաշտին վրայ ալ ան տարբեր կերպ պիտի չվարուէր եւ ընկերները փրկելու համար ան գիտակցաբար ինքզինք պիտի զոհէր: Սա Միհրանի շեշտուած ընկերասիրութեան նկարագրային գիծն էր:
Կեանքով լեցուն, երազներ եւ նպատակներ ունեցող այս համեստ երիտասարդին ձգած բացը դեռ շատ երկար ժամանակ բոլորը պիտի զգան, մինչ անոր թեւածող հոգին պիտի դիտէ մեզ եւ դժուարութիւններու առջեւ չընկրկող իր կամքով եւ իր սովորութեան համաձայն պիտի ըսէ. «Ամօթ է, դուք ձեզի ձիգ պահէք»:
Խունկ ու մոմ շիրիմիդ, սիրելի Միհրան: