ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Ապու Տապիի Ալ Մուշրէֆ նախագահական պալատին մէջ, Հոկտեմբեր 9ին, դեսպան Վահագն Մելիքեան Արաբական միացեալ էմիրութիւններուն մէջ հաւատարմագրուած այլ երկիրներու 11 դեսպաններուն հետ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Արաբական միացեալ էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ ալ Նահիանին:
Դեսպան Վ. Մելիքեան ԱՄԷի նախագահին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին փոխանցեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բարեմաղթանքները եւ լաւագոյն ցանկութիւնները: