Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի, ամփոփելով քոնկրեսական պատուիրակութեան եռօրեայ այցելութիւնը Հայաստան՝ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը:
«Մեր քոնկրեսական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Հայաստան, որ կարեւոր ճակատ է ժողովրդավարութեան եւ բռնապետութեան միջեւ պայքարին մէջ: Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ մեր հանդիպումներուն ընթացքին փոխանցեցինք Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ ապահովութեան աջակցութեան հզօր ուղերձ մը, յատկապէս Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք: Մեր այցելութիւնը նախատեսուած էր տալ 12 Սեպտեմբերին` զինուորական գործողութիւններու մեկնարկէն առաջ:
«Ներկայացուցիչներու տան Հայկական համախմբումի անդամներ Ֆրենք Փալոն, Աննա Էշու եւ Ճեքի Սփիըր եւ ես մեր այցելութեան սկսանք Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակ զետեղելով: Այնտեղ, մենք աղօթեցինք Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած 1.5 միլիոն հայ տղամարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն համար: Քոնկրեսը հաւատարիմ կը մնայ՝ երաշխաւորելու, որ Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը երբեք չջնջուի, այդ իսկ պատճառով, 2019ին, մենք որդեգրեցինք բանաձեւ մը` պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն նախագահ Պայտընը արձագանգեց անցեալ տարի, իր պաշտօնական ճանաչումով: Պատիւ էր Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ պարգեւատրուիլ դեսպան Հենրի Մորկընթաուի մետալով, զոր ես ընդունեցի Քոնկրեսին անունով` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իրազեկման բարձրացման մեր աշխատանքին համար:
«Մեր պատուիրակութեան համար պատիւ էր հանդիպիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու, ներառեալ՝ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ: Այս հանդիպումները ապահովեցին միտքերու փոխանակում Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղղուած քաղաքականութեան եւ գործողութիւններու վերաբերեալ:
«Մեր այցելութեան շրջագիծին մէջ կարեւոր էր մեր պատուիրակութեան՝ կլոր սեղանի շուրջ հանդիպում ունենալը քաղաքացիական հասարակութեան ղեկավարներու հետ, որոնք արտայայտեցին այս դժուար պահուն իրենց ժողովուրդի մտահոգութիւնները եւ կարիքները ու լոյս սփռեցին Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ ապահովութեան համար մղուող պայքարին վրայ: Ինծի համար պատիւ էր դիմել այդ ղեկավարներուն` խօսք արտասանելով «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ, որ հայկական մշակոյթի գոհարն է, ուր ես Ամերիկայի նուիրուածութեան մասին յստակ ուղերձ ուղղեցի Հայաստանին: Աւելի ուշ հանդիպում ունեցանք Ազգային ժողովի ընդդիմութեան ղեկավարներուն հետ: Թէեւ կան ներքին քաղաքականութեան վերաբերող տարակարծութիւններ, այդ ղեկավարներուն միջեւ կար նաեւ յստակ համախոհութիւն, որ Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ դադրեցնէ իր յարձակումը:
«Տեղեկացուած եւ ստացուած ընդունելութենէն ներշնչուած` մեր պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Ուաշինկթըն հպարտ եւ պատրաստ յառաջ մղելու Քոնկրեսի երկարամեայ յանձնառութիւնը ժողովրդավարական Հայաստանի եւ ապահով, խաղաղ կովկասեան տարածաշրջանին նկատմամբ»: