ՄԱՔԱՍԱՐ, Ինտոնեզիա, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Յունուար 7ին, փոխադրական նաւ մը 15 հոգի փրկած է Դեկտեմբեր 29ին ընկղմած ինտոնեզիական նաւու մը փրկարար լաստերուն մէկուն վրայէն, սակայն անոնցմէ մէկը աւելի ուշ մահացած է:
Աւելի քան 600 ճամբորդներ փոխադրող ինտոնեզիական նաւէն նախապէս կարելի եղած էր փրկել 230 ուրիշներ, մինչ մնացեալ ճամբորդները խեղդամահ եղած էին:
Յատկանշական է, որ վերապրողները գտնուած են արկածի վայրէն մօտաւորապէս 300 մղոն հեռու:
Նկարին մէջ, ընկղմած նաւուն մէջ գտնուող ճամբորդներու ազգականները ցոյց կու տան ճամբորդներու լուսանկարները: