ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թուրքիա ապրող հայերը վերջին քանի մը օրերուն իրեն ձայնը բարձրացուցած են Ֆրանսայի մէջ քննուող Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժող օրինագիծին դէմ, մտահոգութիւն յայտնելով, թէ բանաձեւին վաւերացումը կրնայ իրենց կացութիւնը վատթարացնել:
Լրագրողներ Էթիէն Մահճուպեան եւ Հրանդ Տինք միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով դատապարտեցին ֆրանսական օրինագիծը։ Անոնք յայտնեցին, թէ այս օրինագիծը խոտոր կը համեմատի արտայայտուելու ազատութեան սկզբունքին:
Անոնք միաժամանակ շեշտեցին, թէ Թուրքիա պէտք է դէմ յանդիման գայ իր անցեալին հետ։ «Երկու ժողովուրդները իրարու հետ երկխօսութեան մէջ պահելու միակ միջոցը արտայայտութեան ազատութիւնն է», ըսին անոնք:
«Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Քոչունեան եւս քննադատեց բանաձեւը:
Իր կարգին, Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան ըսաւ, որ նմանօրինակ օրէնքներ կը սահմանափակեն մտածումի ազատութիւնը եւ աւելի եւս կը զօրացնեն ազգայնամոլներն ու ծայրայեղականները: