Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 25 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տարեական իր ձեռնարկին ընթացքին իր հեղինակաւոր «Համաշխարհային Ազդեցութիւն» մրցանակը պիտի շնորհէ տոքթ. Էրիք Էսրայէլեանին եւ Քիմ Քարտաշեանին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութիւնը ջատագովելու նպատակով անոնց տարած ջանքերը դրուատելու համար։
Էսրայէլեան եւ Քարտաշեան, որոնք յաճախ միասնաբար մասնակցած են հայութեան ի նպաստ իրագործուուղ նախաձեռնութիւններու իրականացման, միասնաբար պիտի ստանան այս մրցանակը։
Էսրայէլեան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու անուան մարսողական հիւանդութեան բաժանմունքի վարիչն է եւ Հայաստանին ու Արցախին օժանդակութիւններ տրամադրած է նոյն համալսաանին մէջ գործող եւ Քարտաշեանի հօր՝ Ռապըրթ Քարտաշեանի անուան խռչափողի առողջութեան կեդրոնին եւ համալսարանին «Առաքելութիւն՝ Հայաստան» ծրագիրին միջոցաւ։
Էսրայէլեան եւ Քարտաշեան իրենց ասպարէզներուն միջոցաւ նաեւ յատկանշական աշխատանք տարած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրազեկման գործին մէջ։
Էսրայէլեան նաեւ ֆիլմ արտադրող է. ան 2016ին արտադրած էր հանգուցեալ Գըրգ Գրիգորեանի երազը հանդիսացած եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիմլը, որուն հասոյթը տրամադրուեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ երկու հիմարկներու հաստատումին, որոնցմէ մէկը նուիրուած է հայութեան, իսկ միւսը՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան։
Իր կարգին, Քարտաշեան ընկերային ցանցերու, լրատուամիջոցներու եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներու միջոցաւ հսկայական աշխատանք տարած է՝ հայութեան ձայնը աւելի հնչեղ դարձնելու աշխատանքին մէջ, ունենալով միլիոնաւոր հետեւորդներ. օրինակի համար՝ ան 329 միլիոն հետեւորդներ ունի «Իսնթըկեմ» ցանցին վրայ։ Հայութեան նկատմամաբ սէրը Քիմին անցած է իր հանգուցեալ հօր՝ Ռապըրթէն։
Նաեւ, Քիմ Քարտաշեանի Հայաստան այցելութիւնները կրցած էին լուսարձակները կեդրոնացնել Հայաստանի, անոր պատմութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ։
Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ աշխատանքին կողքին, Քարտաշեան նաեւ իր բեմահարթակը օգտագործած էր՝ դատապարտելու Արցախի եւ Հայաստանի վրայ՝ Ատրպէյճանի յարձակումները։
Այս յարձակումներէն ետք, Իսրայէլեան եւս գործի անցած էր՝ ապահովելով 44օրեայ պատերազմին նուիրուած Invisible Republic վաւերագրական ֆիլմը։ Ան քանի մը տարի առաջ արտադրած էր նաեւ «Խոստումը» ֆիլմին պատրաստութեան նուիրուած Intent to Destroy վաւերագրական ֆիլմը։
«Էսրայէլեան եւ Քարտաշեան իսկապէս հայութեան ամէնէն ազդու ձայները կը հանդիսանան Միացեալ Նահանգերու եւ նոյնիսկ աշխարի տարածքին։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն եւ հայութեան պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով անոնց աշխատանքը դրուատելի է», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Նշենք, որ քաղաքէն հեռու գտնուելուն պատճառաւ, Քարտաշեան առցանց պիտի ստանայ իր մրցանակը։
(Քաղուած՝ Քեթի Սիմոնեանի թղթկացութենէն)