1988 ի Դեկտեմբեր 7ին, Հայաստանի ժամանակով ժամը 11:41ին Հայաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ 7.2 աստիճանով աղէտալի երկրաշարժը (կիզակեդրոնը՝ Սպիտակ), որուն իբրեւ արդիւնք, ամբողջութեամբ քանդուեցաւ Սպիտակ քաղաքը եւ մասամբ՝ Գիւմրին ու Վանաձորը:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, մարդկային զոհերու թիւը 25.000 էր, իսկ նիւթական վնասները գնահատուած էին տասնեակ միլիառ տոլարներով:
Աղէտի շրջանի վերականգնումը, 18 տարիներ անց, տակաւին կը շարունակուի:
Նշենք, որ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրաշարժի 18րդ տարելիցի նախօրեակին, 2րդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց Գիւմրի քաղաքի վերականգնման մասին գործող օրէնքի ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2014ի Դեկտեմբեր 31: