21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 77րդ նստաշրջանին մասնակցող երկիրներու պատուիրակութիւններուն ի պատիւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ տրուած ընդունելութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ միջոցառման ընթացքին Միրզոյեան եւ Պայտըն կարճ զրոյց մը ունեցան: