ՖՐԱՆՔՖՈՒՐԹ, «Էյ.Փի.».- Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի մէջ ամէն տարի տեղի ունեցող գիրքերու միջազգային տօնավաճառը սկսած է մրցանակներ շնորհել գրական ստեղծագործութիւն մը շարժապատկերի փոխադրող բեմադրիչներուն:
Այս տարուան մրցանակը յանձնուեցաւ քանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեանին։
Էկոյեանի «Where the Truth Lies» ժապաւէնը Ռուփըրթ Հոլմզի նոյնանուն գիրքի բեմադրութիւնն էր:
Մրցումին դատական կազմի համաձայն, Էկոյեանի ոճը կ՚օգնէ «տեսանելի» դարձնել գիրքը, կը պահանջէ ժապաւէնը դիտել կեդրոնացումով ու համակ ուշադրութեամբ։