ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ, Նոյեմբեր 3ին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի օրերու ծիրէն ներս կազմակերպուած վերջին ձեռնարկին՝ «Ֆրանսան հայ նկարիչներու աչքերով» ցուցահանդէսին:
Հոն ներկայացուած են 22 հայ արուեստագէտներու՝ Ֆրանսային վերաբերող գեղանկարչական, քանդակագործական եւայլ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ ստեղծագործող աշխարհահռչակ նկարիչներ Գառզուի, Ժանսէմի, Տարօն Մուրատեանի, ինչպէս նաեւ քանդակագործ Վիքթոր Գրիգորեանի աշխատանքները:
«Հայ ստեղծագործողները փորձել են ցոյց տալ իրենց վերաբերմունքն ու սէրը Ֆրանսայի, մասնաւորապէս՝ Փարիզի նկատմամբ, քանզի Փարիզը յայտնաբերելը իւրաքանչիւր անձի պարտքն է, յատկապէս ստեղծագործողի համար», նշեց թանգարանի տնօրէն Հենրիկ Իգիթեան եւ յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը ընդամէնը փոքր մասն է աւելի մեծ ցուցահանդէսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, յաջորդ տարուան ընթացքին:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մշակոյթի բաժնի ներկայացուցիչ Աննի Մոնրիի խօսքերով՝ աշխատանքները ոչ միայն Փարիզի, այլեւ ամբողջ Ֆրանսայի գեղեցկութեան արտացոլանքն են: «Ես զարմացած եմ հայ ստեղծագործողների ոգու հզօրութեամբ, քանզի նրանց մի մասը, ուղղակի չլինելով Ֆրանսայում, այնքան ոգեշնչուած են այն պատկերել», ըսաւ ան:
Նշենք, որ ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 18: