Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր այլ ծառայութեանց ծիրէն ներս կ՚իյնայ նաեւ բանտարկեալներու հոգեւոր սնունդի մատակարարումը։ Առ այդ, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, աւելի քան տարիէ մը ի վեր կանոնաւոր կերպով հոգեւոր սնունդ կը մատակարարուի Լոս Անճելըս շրջանի հայ բանտարկեալներուն։
Թեմին անունով եւ պետական ճանաչողութեամբ, բանտարկեալներու հոգեւոր մատակարարման հայկական յատուկ բաժանմունքի գլխաւոր խորհրդատու նշանակուած է թեմի զաւակներէն՝ Րաֆֆի սարկաւագ Կարապետեան։
Թեմի հոգեւոր հովիւներէն Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան եւս կանոնաւոր կերպով ամէն Երկուշաբթի կ՚այցելէ բանտերը։ Սոյն աշխատանքին համար հոգեւոր մատակարար նշանակուեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիրակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։ Հայր սուրբը եւս, շաբաթական դրութեամբ, սկսած է այցելել հայ բանտարկեալներուն եւ զանոնք մխիթարել ու գօտեպնդել Աստուծոյ խօսքով։