ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտպանութեան բնագաւառին 2007ի համար նախատեսուած ամավարկը բաւականաչափ է, որմով կրնանք ապահովել բանակի բարձր մարտունակութիւնը, յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 6ին Ազգային ժողովին մէջ 2007ի ամավարկի նախագիծի պաշտպանութեան հատուածի քննարկումէն յետոյ եւ նշեց, որ. «Չի կարելի մէկ միլիառ տոլարը համեմատել 300 միլիոնի հետ, բայց եթէ գումարներն օգտագործուեն նպատակային եւ խնայողաբար, բոլոր աշխատանքները հնարաւոր կը լինի կատարել»:
Նշենք, որ 2007ի ամավարկի նախագիծով պաշտպանութեան բնագաւառին համար նախատեսուած 100 միլիառ 435 միլիոն դրամէն 96 միլիառը նախատեսուած է ռազմական կարիքներու, իսկ 3 միլիառը՝ պաշտպանութեան բնագաւառի այլ ծախսերու համար: