1957ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէն, մեկնելով իր սկզբունքէն՝ աշխատանք տանիլ հոն, ուր համայնք կայ կազմակերպելիք ու ծառայել շրջանի ժողովուրդին, Լոս Անճելըսի Սան Ֆերնանտօ հովիտի մէջ ապրող խումբ մը հաւատաւոր ընկերներ մէկտեղելով, հիմնեց Հ.Յ.Դ. «Աբովեան» կոմիտէութիւնը, որ յետոյ անուանափոխուելով կոչուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէութիւն:
Այդ թուականէն ասդին Հովիտի հայութիւնը սկսաւ օրէ օր կերպարանափոխուիլ: «Ռոստոմ» կոմիտէութեան կազմակերպական ճիգերուն եւ հայ ժողովուրդի պատուական զաւակներուն բարոյական, գործնական ու նիւթական անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ, այսօր Հովիտի հայութիւնը ունի իր եկեղեցին, ունի իր դպրոցը իր լրիւ ընթացքով՝ մինչեւ 12րդ դասարան, ունի «Համազգային»ի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը՝ իր պարախումբով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղը՝ իր արի-արենոյշներով ու մարզական խումբերով, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղը, որ միշտ պատրաստ է հասնելու հոն՝ ուր կարիք կայ, մինչեւ Հայաստան, Արցախ ու Չաւախք. ունի իր պատանեկան «Արաբօ» ու «Սիմոն Զաւարեան» զոյգ բաժանմունքները եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան «Սարդարապատ» ուխտը: Այսօր, Հովիտի հայութիւնը ինքզինք կը զգայ աւելի զօրաւոր իր ինքնութիւնը պահելու, ուծացման դէմ պայքարելու, հայրենիքի կառուցման նպաստելու եւ պետութիւն ամրապնդելու աշխատանքին մէջ:
Այսօր «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը յիսուն տարեկան է: Ներկայ կոմիտէն, գնահատելու համար իր նախորդներուն եւ Հովիտի հաւատաւոր ու նուիրեալ ժողովուրդի համատեղ գործունէութեան յիսուն տարիներու վաստակը, 2007ը հռչակած է Յիսնամեակի տարի եւ պատշաճօրէն զայն տօնախմբելու համար յառաջացուցած է կեդրոնական յանձնախումբ մը, որ իր կարգին, կոմիտէին հետ համախորհուրդ, տարբեր յանձնախումբերու միջոցով սկսած է աշխատանքի:
Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Յունուար 26-28 շաբաթավերջին AYF Camp-ի մէջ, ուր 16 պատանիներ անցան Հ.Ե.Դ.ի շարքերը եւ կոչուեցան Յիսնամեակի սերունդ: Յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 17 Փետրուարին, շրջանի «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, ուր պիտի գնահատուի վաստակը շրջանի այն ընկերներուն, որոնք 50 եւ աւելի տարիներ Հ.Յ.Դ.ի ճամբով ծառայած են մեր ժողովուրդին:
Ժողովրդային մեծ հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 18ին, որուն մանրամասնութիւնները կը հաղորդենք հետագային:
(Յիսնամեակի Կազմակերպիչ Յանձնախումբ)