Մեծն Բրիտանիա անդրադարձաւ Ատրպէյճանի՝ Հայաստանի վրայ յարձակման:
«Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութիւնը, նաեւ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿի մօտ մեր միջնորդութեան ընթացքին, յստակօրէն հասկցուցած է, որ զինուած ուժերը պէտք է ետ քաշուին այն դիրքերը, ուր անոնք կը գտնուէին ռազմական գործողութիւններուն սկսելէն առաջ: Հակամարտութիւնը լուծելու միակ ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է», ըստ «Արմէնփրէս»ի, կ՛ըսուի Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատան հրապարակած յայտարարութեան մէջ, որ պատասխան էր Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին վերաբերող պատկերասփիւռի Հանրային կայանի «Լուրեր»ու հարցումին:
«Մենք միշտ դատապարտած ենք քաղաքացիական տարածքներ թիրախ դարձնելը բոլոր տագնապներու ատեն: Մեր միտքերը վերջին բռնութիւններուն պատճառաւ զոհուածներու կամ վիրաւորներու ընտանիքներուն հետ են: Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կ՛ողջունէ ռազմագերիներու եւ մահացածներու աճիւններուն վերադարձը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ քննարկելու մնացած բոլոր ռազմագերիներու եւ մահացածներու աճիւններուն վերադարձի հարցը: Խոշտանգումներուն մասին հաղորդումները չափազանց մտահոգիչ են, եւ կը պահանջենք համապատասխան մարմիններու մանրակրկիտ հետաքննութիւնը», կ՛ըսուի դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ: