ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2007ին, Քոնկրէսի շէնքէն ներս պիտի ցուցադրուի System of a Down նուագախումբին կողմէ հակացեղասպանական արշաւը նկարագրող վաւերագրական ժապաւէնը, որուն բեմադրիչն է Քարլա Կարապետեան:
Երեկոյի հիւրընկալներն են քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆ (Դ., Քալիֆորնիա) եւ Ֆրէնք Փալոն (Դ., Նիւ Ճըրզի), «Փրկեցէք Տարֆուրը» կազմակերպութիւնը, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Րաֆֆի Մանուկեանի բարեսիրական հիմնադրամը: Երեկոյեան ժամը 6:30ին պիտի սկսի ընդունելութիւն մը, որուն պիտի յաջորդեն ցուցադրութիւնը եւ քննարկում՝ բեմադրիչին հետ: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մամֆորտ սրահին մէջ, Քոնկրէսի գրադարանի Ճէյմս Մէտիսըն շէնքի 6րդ յարկը:
Բեմադրիչ Կարապետեան ըսաւ, թէ այս ժապաւէնը կը բացայայտէ Ցեղասպանութեան ուրացումը, կը նկարագրէ Հայաստանը, Հրէական ողջակիզումը, Քամպոտիոյ, Պոսնիոյ, Ռուանտայի եւ Իրաքի քիւրտերու պարագաները, հասնելով մինչեւ Տարֆուրի սարսափները:
Իր կարգին, Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան դիտել տուաւ, որ «Ատոլֆ Հիթլէր Հայկական Ցեղասպանութիւնը օգտագործեց իբրեւ նախատիպը Ողջակիզումին համար, իր վարանոտ զօրավարները լռեցնելով իր նշանաւոր յայտարարութեամբ, թէ «այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերը»: Ան աւելցուց, թէ Screamers ժապաւէնը այս պատգամը կը փոխանցէ հանդիսատեսին: