ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վաւերագրական Screamers ժապաւէնը, որ կը շօշափէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով System of a Down նուագախումբին թափած ճիգերը, պիտի սկսի ցուցադրուիլ վաղը երեկոյեան Կլէնտէյլի, Հոլիվուտի եւ Օրէնճ Քաունթիի մէջ:
Այս երկար սպասուած վաւերագրականը պիտի ցուցադրուի Կլէնտէյլի Mann Marketplace, Հոլիվուտի Mann 6, Սանթա Մոնիքայի Mann եւ Օրէնճ Քաունթիի Bloc սրահներուն մէջ:
Ժապաւէնին բեմադրիչն է Քարլա Կարապետեան, իսկ արտադրիչները՝ MG2, BBC-ի հեռատեսիլը եւ «Րաֆֆի Մանուկեան» բարեսիրական հաստատութիւնը:
Ժապաւէնը առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ անցեալ ամիս, American Film Institute-ի փառատօնին եւ արժանացաւ փառատօնի Հանդիսատեսի մրցանակին: Ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կը հովանաւորէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Այս առիթով, Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան ողջունեց վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը՝ իբրեւ հակացեղասպանական շեշտակի քայլ:
System of a Down խումբի անդամներէն Սերժ Թանգեան ըսաւ, թէ ժապաւէնը իրենց խումբին մասին չէ, այլ այն մասին, թէ ինչպէս իրենք կրցած են թիկունք կանգնիլ անոր դատապարտումին ու ճանաչման: