ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 12ին, Երեւանի մէջ իր աշխատանքներուն պիտի սկսի Եւրոխորհուրդի անդամ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարներու 27րդ համաժողովը, որ այս անգամ նուիրուած պիտի ըլլայ տուժողներու իրաւունքներուն:
Հոկտեմբեր 11ի ասուլիսի ընթացքին, արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան արժեւորեց վերոյիշեալ խնդիրը, քանի որ տուժողները, ըստ իրեն, աւելի խոցելի են ոչ միայ յանցագործութեան պահուն, այլ նաեւ դատավարութեան ժամանակ եւ յետոյ:
Համաժողովի ընթացքին, ԵԽ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչները կարծիքներ պիտի փոխանակեն հարցի շուրջ եւ պիտի փորձեն լուծումներ գտնել:
Եւրոխորհուրդի իրաւական հարցերով գլխաւոր տնօրինութեան ղեկավար Կի տէ Վէլ նշեց, որ Հայաստանը կատարած է ԵԽի նկատմամբ իր պարտաւորութիւններու մեծ մասը, եւ վերջերս շատ կարեւոր քայլեր կատարուած են սահմանադրական բարեփոխումներու եւ օրէնքներու մշակման ուղղութեամբ: «Հայաստանը առաջընթաց քայլեր է կատարում», յայտարարեց տէ Վէլ, միաժամանակ ընդգծելով, որ տակաւին շատ ընելիքներ կան օրէնքները եւրոպական չափանիշներուն համապատասխանեցնելու առնչութեամբ:
Համաժողովին պիտի մասնակցին Եւրոխորհուրդի 43 անդամ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարները: