Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով Հէրի Որբերեան նշանակուեցաւ «Հորիզոն» հեռատեսիլի տնօրէն: Ան արդէն իսկ ստանձնած է իր նոր պաշտօնը:
Հէրի Որբերեան աւարտած է «Ֆերահեան» ազգային վարժարանը, ապա բարձրագոյն ուսումը ստացած է Calstate Northridge համալսարանի արուեստի բաժինին մէջ, իբրեւ տպագրական կերպարուեստի մասնագէտ, Graphic Deseigner: Ան ունեցած է նկարչական-կերպարուեստի իր սեփական սթիւտիոն, նկարչական սեփական կալըրին՝ Փասատինայի մէջ, եւ մեծ վաստակ ունի ծանուցումի բնագաւառէն ներս՝ իբրեւ գեղարուեստական խմբագիր:
Հէրի Որբերեան «Հորիզոն» հեռատեսիլի ստեղծման մէջ դեր ունեցած է, իբրեւ առաջին աշխատանքային խմբակի անդամ՝ 1989էն ի վեր: Ներկայիս կ’աշխատի նաեւ իր հեղինակած վաւերագրական ժապաւէնին վրայ, որու հիմնական թեման է յոյսը՝ Հայաստանի երկրաշարժէն վերապրողի մը աչքով:
Ան կ’ըսէ, թէ իրեն համար մեծ մարտահրաւէր մըն է «Հորիզոն»ի տնօրէնի պաշտօնը, որ անկախ իր վարչական բնոյթէն, հիմնականին մէջ ունի ազգային-հայրենասիրական առումով առողջ միջավայր եւ արուեստի նուրբ ճաշակ ստեղծելու առաքելութիւն, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն»ի… աշխարհագրական հորիզոնները ընդարձակելու առաջադրանք: