ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հ.Ե.Դ.ի Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական վարչութիւնը Հոկտեմբերի վերջին շաբաթավերջին իրականացուց ապագայ ղեկավարներ պատրաստելու միտող սեմինար մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 40 Հ.Ե.Դ.ականներ:
Դասախօսական ելոյթներ ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Րաֆֆի Համբարեան, Կլէնտէյլ քաղաքի գրագիր Արտաշէս Քասախեան, Հ.Ե.Դ.ի նախկին ղեկավարներէն Մուրատ Թոփալեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ական Նայիրի Տէրտէրեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Արամ Գալուստեան եւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմնի անդամ Վահէ Մանուէլեան: Ներկայացուցած նիւթերու շարքին էին հանրային յարաբերութիւններ, անդամարշաւ, կապերու հաստատում, դրամահաւաք, իգական սեռի ղեկավարներու հարցեր, ինչպէս նաեւ Պատանեկանի ու Հ.Ե.Դ.ի կապերն ու գործունէութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները:
Հ.Ե.Դ.ի Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ կազմակերպած էր աշխատաժողով մը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ կազմակերպութեան առաքելութիւնը, նպատակներն ու ղեկավարութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը: «Սեմինարին մասնակիցները խանդավառուած էին ու խոստացան իրենց ամբարած նոր գիտելիքները իրենց շրջանները տանելով նպաստել հայ երիտասարդութիւնը դաստիարակելու գործին», ըսաւ Հ.Ե.Դ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սարօ Շիրինեան:
Սեմինարը միայն ունկնդրութեան համար չէր, այլ հոն տեղի ունեցաւ նաեւ կարծիքներու փոխանակում, որ ինքնին դաստիարակչական էր:
Հ.Ե.Դ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գասպար Ճիւալակեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսներուն, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրած էին դաստիարակչական այս սեմինարին: