ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սպանական «Ռէալ Մատրիտ»ի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ֆապիօ Քանաւարօ ընտրուեցաւ 2006 տարուան Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստը՝ տիրանալով 51րդ «Պալոն տ՚օր»ին (Ոսկեայ գնդակ):
Իտալիոյ 33 տարեկան խմբապետը «Ֆրանս ֆութպոլ» մարզաթերթին շնորհած այս տիտղոսին տիրացաւ՝ Եւրոպայէն եկած 52 լրագրողներէն ստանալով 173 կէտ:
Ան կէտերու մեծ տարբերութեամբ գերազանցեց անցեալ տարուան տիտղոսակիր պրազիլցի Ռոնալտինիոն, որ 73 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ չորրորդ:
Քանաւարօ վերջին տասը տարուան ընթացքին հանդիսացաւ առաջին յետսապահը, որ կը տիրանայ այս տիտղոսին: Վերջին անգամ այդ տիտղոսին տիրացած էր գերմանացի Մաթիաս Զամըր (1996):
105 անգամ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած Քանաւարօ այսպիսով հանդիսացաւ հինգերորդ իտալացի մարզիկը, որ կը տիրանայ այս տիտղոսին: Ան նաեւ «Ռէալ Մատրիտ»ի հինգերորդ մարզիկն է, որ կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց իտալական «Եուվենթուս»ի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն (124 կէտ), իսկ երրորդ դիրքը՝ Անգլիոյ «Արսենալ»ի ֆրանսացի յառաջապահ Թիէրի Անրին (121 կէտ): Ֆրանսացի Զինետտին Զիտան, որ 71 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ հինգերորդ: