Նստած եմ «Պըրմինկհէմ» վարժարանի դաշտին ամպիոնին քով ու կը հետեւիմ Հ.Մ.Ը.Մի. 31րդ Նաւասարդեան խաղերու տողանցքին: Ուրախ եմ:
Հ.Մ.Ը.Մի. նուագախումբը արդէն եղանակ մը կը հնչեցնէ՝ չափ կու տայ քայլերուն, եռանդ կու տայ, թափ կու տայ տողանցքին: Մինչ Հ.Մ.Ը.Մի. Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի մասնաճիւղերը բանակ առ բանակ կու գան: Շարք առ շարք կը քալեն՝ երիտասարդական աւիւնով առլցուն, հպարտ ճակատները տուած բորբ արեւին ու հայու ճակտագիրը՝ շալակին:
Կը քալեն: Հայը վարժ է քալելու: Իրենց պապերը քալեցին՝ արիւնոտ ոտքերով, հալածական: Իրենք ալ կը քալեն: Բայց, ա՜խ հայրենիք, կը կանչեն ու կը քալեն՝ օտար ճամբաներու երկայնքին:
Ահա Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական խումբերն են՝ արի-արենոյշ, գայլիկ թէ արծուիկ, թէ հայկական ուսերու վրայ թառած կակուղ թաթիկ: Կը քալեն, որպէս տողանցքին ոգին, որպէս կարգ կանոնի զինուոր, որպէս ազգին վաղուան յոյսն ու լոյսը: Ու ամէն անգամ, որ խօսնակը տողանցող մասնաճիւղի մը անունը աւետէ՝ ժողովուրդին մէջ նոր ցնծութիւն, հպարտանքի նոր բացականչութիւն մը կը պոռթկայ օդին մէջ: Այս պոռթկումը խնդութեան ոգին է, հոգիներու պահանջքն է, որ առաւել կ’ոգեւորէ, որ առաւել կը ներշնչէ հայ մարդը, որ դաշտ եկած է պահ մը իր առօրեայ տաղտուկները մոռնալու, պահ մը ինքն իր իսկութեան հետ ըլլալու, պահ մը ամբողջական հայանալու:
Կը քալեն: Ահա տեսէք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ու մեծղի «Արարատ»ն է կ’անցնի՝ բիւր ու բիւրաւոր ծիլ ու ծաղիկ շալակին: Արարատն է՝ հայոց Մասիս սարն է կ’անցնի՝ դարերու ցաւ ու հաւատքը ճակտին: Ահա տեսէք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սանթա Քլարա քաղաքին «Անի» մասնաճիւղն է, Ֆինիքսն է, Սան Ֆրանսիսքոն է կ’անցնին՝ որպէս նոր երգ ու նոր բերք: Անոնք աշխարհ մը հեռաւորութիւն կտրած եկած են՝ ետ չմնալու փառաւոր տողանցքէն: Անոնք եկած են՝ ետ չմնալու պարտականութեան կանչէն: Այդ տղաքը, կամքով, հաւատքով լի այդ տղաքը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր տղաքը կարծես սրբազան ուխտի եկած են: Կարծես հայ մարդու թափառական կեանքին դեղ-դարման առնելու եկած են:
Կը քալեն: Ահա Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի «Մայր» մասնաճիւղն է կ’անցնի հպարտ, խոհուն: Հակառակ տարիներու ծանր վաստակին, ան դեռ ժիր է ու պատրաստ ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի սրբազան տեսլականին: Կը քալեն: Խումբերը կը քալեն՝ յար, առանց յոգնութեան, առանց տրտունջքի, պարտականութեան գիտակից ոգիով: Ու խումբերը կը քալեն. կը քալեն դէպի սիրտը թափառական հայուն, դէպի սիրտը հազար-հազար հայու: Հոն՝ ուրախութիւն սերմանելու: Հոն՝ ազգային հաւատամք ներշնչելու. հոն՝ հայ մարդուն սրտին, հայոց յոյսի, լոյսի ճրագը վառելու:
Ով մարդկութիւն, հաւատա՛, որ այսքան մարդ, այսքան հայ քով-քովի բերելը՝ հայ մնալու հարց է: Հայոց ժողովուրդ, հաւատա՛, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական այսքան աշխատանք՝ այսքան ժողով, այսքան նուիրում ու այսքան զոհողութիւն քեզի համար է, հայ մնալու համար է, Հայաստան:
Խումբերուն շարքը դեռ երկար է: Տողանցքը դեռ կը շարունակուի: Բայց, Աստուած իմ, հոգեկան այս ի՛նչ բարդոյթ է, այս ի՛նչ խլրտում, որ սկսած է թափ առնել հոգիիս մէջ: Սա պահուն, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, մենակութիւն մը կը զգամ, երբ ամբողջ աշխարհ մը աչքիս առաջ է: Բայց հաւատացէք, որ սա պահուն մէկը կը փնտռեմ, մէկը, որպէսզի հետը խօսիմ, հետը բաժնեմ հոգիիս սա բերկրանքը, սա ուրախութիւնը ու նաեւ սա մենակութեան ձանձրոյթը: Աջիս եղբայր մը խօսքի բռնուած է իր աջին նստած մարդուն հետ ու ասդին նայած իսկ չունի: Մինչ ձախիս տեղ գրաւած է 40ի մօտեցած ներկայանալի արտաքինով ու բացառիկ լրջութեամբ երիտասարդ մը: Բայց դեռ չկրցայ գիտնալ, թէ ո՞վ է ան, որ այսքան ժամանակ է շարժած չունի, երեսիս նայեած չունի, հետս խօսած չունի: Թէեւ ես քանի մը անգամ փորձեցի կոտրել սա լռութեան պատը, ինչպէս գերմանացին քանդեց հոգիները իրարմէ բաժնող Պերլինի պարիսպը: Բայց ես անճարակ դուրս եկայ: Քանի սասունցի մարդը դիւանագիտութիւն չունի: Բայց վերջապէս գիւղացի մարդու հոգեբանութեամբ գոչեցի.
– Այ մարդ Աստծոյ, ո՞վ ես դուն:
– Պարոն, ես Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչն եմ:
– Այ մարդ, չըսե՞ս: Ինչ գեղեցիկ եղաւ:
– Բայց ի՞նչ բանը, պարոն:
– Եղբայր, խօսիլը խօսիլը, հոգիս ելաւ լուռ մնալէն:
Ու խօսեցանք: Ազնիւ մարդ մըն էր: Շուտ մտերմացանք: Հայու բնաւորութեան հարց է: Կարօտի, թափառական մարդու հարց է: Մինչ մեր խօսակցութեան առանցքը առաւելաբար հայն ու Հայաստանն է: Մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներն ու մեր հողերն էին: Հայը աշխարհի որ անկիւնն ալ երթայ, ինչ առիթով ալ ըլլայ, անպայման պիտի խօսի իր նահատակներուն, իր հողին մասին: Թուրքին գազանութեան մասին: Ու խօսակիցս եզրակացուց.
– Բարեկամ, այդ ի՛նչ ողբերգութիւն էր, այդ ի՛նչ զուլում եկաւ մեր ազգին գլխուն՝ մեր հողերը, մեր տուն-տեղը զաւթեցին… Այլապէս, այս երիտասարդութիւնը՝ մեր ազգին ընտիր զաւակները, ինչ գործ ունէին այս ասպնջական հողերուն վրայ:
Վերջին բառերուն հետ ձայնը ծանրացաւ: Նայեցայ դէմքին, սանկ անտրամադիր բան մը կար հոն: Ու ես պարզապէս խօսակցութեան նիւթը փոխելու, հիւմըր մը առաջացնելու մտադրութեամբ ըսի.
– Ել, բարեկամ ել, երթանք Մուշ-Սասուն, երթանք Ս. Կարապետ ուխտի: Հիմա փեհլիվանները արդէն ձողերը տնկած են, չուանները լարած ու ճրիտը սկսած են վանքին շուրջ բոլորը: Ել…
Ու մենք, երեւակայութեան թելը բռնած անցանք գացինք մեր պապերու քարքարոտ լեռներուն կածաններով, փլատակ տուներու արանքով, Մշոյ դաշտով: Բայց Ս. Կարապետ վանքը փլատակ էր. երգեցողութիւն, պատարագ չլսեցինք, շուրջ ձող, վրան չտեսանք: Անցանք Սուլուխի կամուրջէն, բայց Գէորգ Չաւուշը հոն չէր: Մինչ մեր ամէն քայլափոխին հանդիպեցանք մեր նահատակ պապերուն անթաղ ոսկորներուն, որոնք դարձած են՝ քիւրտ լաճերու ձեռքին խաղալիք: Պահ մը խորացանք մենք մեր խորհուրդներուն մէջ: Բայց խոհեմօրէն աղօթք մը մրմնջացինք մեր նահատակներուն հոգիին խաղաղութեան համար ու քալեցինք գլխահակ, տխուր: Բայց Անդոք սարին լանջին, երբ կ’իջնէինք դէպի Գերի սար, ուր սասունցին մահու կենաց կռիւ մղեց թուրքին, քիւրտին դէմ, յանկարծ անձաւներու խորերէն լսեցինք արձագանգ մը, որ կը գոռար.
– Հայ եղբայրներ, բաւ է քալէք այդպէս՝ գլխահակ, տխուր: Ալ քալեցէք հպարտ, քալեցէք քաջի պէս: Դուք արիւնով ազատագրեցիք հայոց Արցախը: Բայց չմոռնաք՝ Վանը, Մուշն ու քաջաց Սասունը, հայոց Մասիս սարը:
Ու լռեց: Ես եւ բարեկամս պահ մը շշմած, իրարու երեսին նայեցանք ու վազեցինք ձայնի ուղղութեամբ: Բայց մարդ չտեսանք: Գէորգ Չաւուշին ոգին էր, որ յանկարծ անյայտացաւ: Բայց բարեկամս յանկարծ պատասխանեց.
– Ես կը հաւատամ, որ պիտի գայ այս սրբազան օրը, երբ հայ քաջեր պիտի արշաւեն այս բարբարոս ցեղերուն վրայ ու գերութենէն պիտի ազատագրեն այս հողերը, այս ջուրերը, որոնք մերն են, մերը: Գէորգ, հայոց սարերու ասլան, մինչ այդ, դուն հանգիստ ննջէ:
Վերադարձին Հ.Մ.Ը.Մ.ի երթը դեռ կը շարունակուէր: Ծիլ ու ծաղիկ մանկիկներ տոտիկ-տոտիկ կը տողանցէին այդ մեծղի դաշտին վրայ, առանց գիտնալու, թէ այդ երթ երբ պիտի վերջանայ: Մինչ հազար ծափ ու հազար-հազար օրհներգ կը տեղային այդ մանկիկներուն գլխուն վերեւ. իսկ ես եւ բարեկամս, ոտքի կանգնած, երկար- երկար ծափեցինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրհնեալ երգին, բերքին համար: Ու բոլորս՝ տողանցող թէ հանդիսական, եղբայրացած գոչեցինք.-
– Հայաստան, աչքդ լոյս Հայաստան, մօտ օրէն Հ.Մ.Ը.Մի սկաուտական շարքերը՝ արի-արենոյշ, գայլիկ թէ արծուիկ, տուն կու գան: Զաւակներդ բանակումի կու գան, տեղդ մեծցուր, սիրտդ լայնցուր, Հայաստան: