ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 9ին, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններու առջեւ ելոյթի մը ընթացքին, վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս ազդարարեց, թէ Անգարա «ձեռնածալ պիտի չմնայ», եթէ հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութիւնները իրենց ամբողջական հակակշռին տակ առնեն քարիւղով հարուստ Քէրքուք շրջանը:
Թուրքիա մտահոգ է հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական անկախ պետութեան մը հաստատումին հաւանականութեամբ, որու հետեւանքով Թուրքիոյ քիւրտերը եւս կրնան իրենց անջատողական շարժումին նոր թափ տալ:
Անգարա քիւրտերը կ’ամբաստանէ Քէրքուքի մէջ մեծ թիւով քիւրտեր վերաբնակեցնելու արշաւ մը կազմակերպելու յանցանքով, որու շնորհիւ քիւրտերը կրնան հանրաքուէով մը շրջանը կցել հիւսիսային Իրաքի ինքնավար շրջանին: «Փորձեր կան Քէրքուքի ժողովրդագրական կառոյցը փոխելու, որոնց դիմաց չենք կրնար ձեռնածալ մնալ», յայտարարեց Էրտողան, առանց մանրամասնելու, թէ Թուրքիա ի՞նչ քայլերու կրնայ դիմել: