ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Դեկտեմբեր 6ին, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Սթրազպուրկի մէջ, հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թերի Տէյվիսի, ԵԽ խորհրդարանական վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղար Մէթիու Սորինասի եւ ԵԽ նախարարներու յանձնաժողովի Հայաստանի պարտաւորութիւններուն հետեւող խումբի անդամներուն հետ (Ագոյի խումբ):
Տէյվիսի հետ հանդիպման ընթացքին, նախարար Օսկանեան քննեց Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ընտրութիւններ կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներէն յետոյ Հայաստանի պարտաւորութիւններու կատարման հարցերը: Տէյվիս յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կարողանան իրականացնել ծրագրուած օրէնսդրական աշխատանքը եւ ուշադրութիւն հրաւիրեց օրէնքներու կիրառման խնդիրներուն վրայ: Օսկանեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ընտրութիւններու պատշաճ կազմակերպման աջակցելու նպատակով ԵԽ նախարարներու կոմիտէի կողմէ յատուկ գործողութիւններու ծրագիրի ընդունման կապակցութեամբ:
Զրոյցի ընթացքին, նախարարը իր խօսակիցին տեղեկացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ փուլին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախատեսուած սահմանադրական հանրաքուէին մասին:
Այնուհետեւ, նախարարը անդրադարձաւ ատրպեճանական իշխանութիւններուն կողմէ Չուղայի խաչքարերու ոչնչացման փաստին: Ան անընդունելի համարեց պատմական կոթողներու ծրագրուած կերպով ոչնչացումը եւ այդ քայլը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին վնասներ կրած յուշարձաններուն հետ նոյն հարթութեան վրայ դնելու Ատրպէյճանի փորձերը: Քննուեցան ԵԽ փաստահաւաք առաքելութեան Նախիջեւան այցելութեան առնչուող հարցեր եւս:
Նախարար Վ. Օսկանեանի յաջորդ զրուցակիցը եղաւ ԵԽ Խորհրդարանական վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղար Մէթիու Սորինասը:
Հանդիպման ընթացքին Սորինաս տեղեկացուց, որ Հայաստանի պարտաւորութիւններու հարցով, վեհաժողովի զեկուցաբերները պատրաստած են Հայաստանի պարտաւորութիւններու կատարման մասին հերթական զեկոյցը, որուն առաջին քննարկումը նախատեսուած է Դեկտեմբեր 13ին, իսկ ընդունումը՝ 2007ի Յունուարի նստաշրջանին:
Վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղարը յայտնեց, որ զեկուցողները բազմաթիւ դրական տեղաշարժեր արձանագրած են պարտաւորութիւններու կատարման գործընթացին մէջ: Մասնաւորապէս, սահմանադրական բարեփոխումներու արդիւնքով իշխանութեան տարբեր թեւերուն միջեւ հաւասարակշռութեան ամրապնդման, Սահմանադրական դատարան դիմողներու շրջանակի ընդլայնման, դատական համակարգի, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի իրաւասութիւններու ընդլայնման, վարչական կալանքի վերացման բնագաւառներուն մէջ:
Կէսօրէ ետք, տեղի ունեցաւ նախարար Վ. Օսկանեանի հանդիպումը ԵԽ նախարարներու յանձնաժողովի Հայաստանի պարտաւորութիւններու կատարմանը հետեւող խումբի անդամներուն հետ (Ագոյի խումբ):
Հանդիպման ընթացքին դիտարկման խումբի անդամներուն խնդրանքով, Օսկանեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման, ԼՂՀ սահմանադրական հանրաքուէին, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերող հարցերուն: Խումբի անդամները նախարարի ուշադրութիւնը հրաւիրեցին ընտրութիւններուն կապուած հարցերու, մասնաւորապէս ընտրական օրէնքի փոփոխութիւններու եւ ընտրացուցակները սրբագրելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Երեկոյեան նախատեսուած է Օսկանեանի հանդիպումը Սթրազպուրկի փոխքաղաքապետ, քաղաքային համայնքի նախագահ Ռոպեր Կրոսմանի հետ: Հանդիպման պիտի յաջորդէ Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի սրահին մէջ «Հայկական մշակութային ժառանգութեան իրավիճակը Նախիջեւանի մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսի բացումը, ուր Օսկանեան ելոյթ պիտի ունենայ: Ցուցահանդէսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Դեկտեմբեր 10, կազմակերպուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի հովանիին տակ՝ «Ալզաս-Հայաստան բարեկամութիւն» ֆրանս-հայկական կազմակերպութեան կողմէ: