ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան Նոյեմբեր 6ին ընդունեց պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Լեհաստանի Ծերակոյտի նախագահ Պոկտան Պորուսեւիչը: Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Թոմաշ Քնոտհէն եւ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Գալոյեան:
Հանդիպման ընթացքին, Տիգրան Թորոսեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ անցած 15 տարիներուն հաստատուած են զարգացող յարաբերութիւններ եւ Ծերակոյտի նախագահի այցը նոր խթան կը դառնայ այդ յարաբերութիւններու խորացման համար:
Խօսք առնելով, Լեհաստանի Ծերակոյտի նախագահը նշեց, որ իր գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են Լեհաստանի Ծերակոյտի, խորհրդարանի եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներ, ու այդ փաստը արդէն իսկ կը վկայէ, թէ Լեհաստանը մեծ նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի հետ կապերու զարգացումին: Գոհունակութեամբ անդրադառնալով ԵՄի եւ ՆԱԹՕի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու խորացման քաղաքականութեան՝ ան պատրաստակամութիւն յայտնեց նպաստել այդ գործընթացներուն: Լեհաստանի Ծերակոյտի նախագահը կարեւոր համարեց նաեւ Հայաստանի 2007ի խորհրդարանական ընտրութիւնները եւրոպական չափանիշներուն համապատասխանեցնելը:
Պորուսեւիչ Հայաստանին եւ տարածաշրջանի կայունութեան ու զարգացման համար կարեւոր համարեց նաեւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորումը՝ ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը, ինչպէս նաեւ ռուս-վրացական վէճը:
Առանձնազրոյցին յաջորդեց հանդիպում ընդլայնուած կազմով, որուն մասնակցեցան Լեհաստանի պատուիրակութեան եւ Հայաստանի ԱԺ յանձնաժողովներու, խմբակցութիւններու եւ խումբերու անդամները:
Տիգրան Թորոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պորուսեւիչին՝ Լեհաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով՝ կարեւոր սեպելով այդ զգայուն հարցի նկատմամբ լեհերու դրսեւորած ըմբռնումը եւ քայլի նշանակութիւնը նման ողբերգութիւնները կանխելու առումով: Անդրադառնալով մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած հանրաքուէին՝ Տ. Թորոսեան նշեց, որ սահմանադրութեան բարեփոխումը նաեւ եւրոհամարկման խորացման հիմքեր ստեղծած է՝ համապատասխանեցնելով Հայաստանի օրէնսդրութիւնը եւրոպական չափանիշներուն:
Վերահաստատելով Հայաստանի եւ տարածաշրջանի զարգացումներուն նկատմամբ Լեհաստանի հետաքրքրութիւնը՝ Պորուսեւիչ յայտնեց, որ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջարկած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ ներկայացնել Հայաստանի շահերը Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ շահերը Հայաստանի մէջ՝ նպաստելով երկու երկիրներուն միջեւ կապերու հաստատման:
Տիգրան Թորոսեան նշեց, որ այս հարցով Հայաստանի դիրքորոշումը յայտնի է՝ մեր երկիրը պատրաստ է երկխօսութեան՝ առանց նախապայմաններու: Ան յայտնեց, որ գաղափարը լաւ է, բայց դժուար իրագործելի՝ հաշուի առնելով թրքական կողմի դիրքորոշումները: Տ. Թորոսեան անընդունելի համարեց Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շարունակուող շրջափակման պայմաններու տակ Եւրոմիութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ կատարուող քայլերը:
Լեհաստանի Ծերակոյտի նախագահը Աժ նախագահը պաշտօնական այցով հրաւիրեց Լեհաստան՝ փոխադարձ այցերը նկատելով իբրեւ լուրջ խթան կապերու ամրապնդման եւ կայացման համար:
Նոյն օրը, Լեհաստանի պատուիրակութիւնը ընդունեցին նաեւ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան եւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան: