ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքը բռնագրաւած ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի օր Իրաքի մէջ սպաննուած են առնուազն 11 ամերիկացի զինուորներ։
Հաղորդագրութիւնը շեշտեց, թէ ամերիկացիներուն հինգը զոհ գացած են հիւսիսային Իրաքի Քէրքուք նահանգին մէջ տեղի ունեցած ականի մը պայթումին, իսկ մնացեալ զոհերուն մասին ոչ մէկ մանրամասնութիւն փոխանցուեցաւ:
Այս զոհերով Իրաք ներխուժումէն ասդին հոն սպաննուած ամերիկացի զինուորներու թիւը կը հասնի 2920ի, մինչ այս ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 30ի կը բարձրանայ:
Իրաքեան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Չորեքշաբթի օր առնուազն 25 իրաքցիներ սպաննուած էին, իսկ 50 ուրիշներու դիակները՝ բացայայտուած:
Նկարին մէջ, Իրաքցի մը կը դիտէ Պաղտատի մէջ Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած պայթումի մը պատճառած կրակը: Պայթումը առնուազն մէկ զոհ խլած էր: