ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը երէկ որոշեց Ծաղկաձոր քաղաքը զբօսաշրջային կեդրոն յայտարարել: Նման լիազօրութիւն կառավարութեան տրուած է զբօսաշրջութեան եւ զբօսաշրջային գործունէութեան մասին օրէնքով. այս կարգավիճակը կրնայ տրուիլ պատմամշակութային, համապատասխան բնակլիմայական պայմաններ ունեցող բնակավայրերուն:
Ի դէպ, զարգացման նման պետական ծրագիր կը մշակուի նաեւ Չերմուկի համար: