ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Դեկտեմբեր 7ին, Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը կազմակերպած էր երդման արարողութիւն Էդուարդ Յովհաննիսեանի շիրիմին մօտ:
Երդման արարողութեան նախորդած ելոյթին մէջ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ արարողութեան վայրը պատահական չէ ընտրուած. Էդուարդ Յովհաննիսեան կուսակցական այն գործիչներէն էր, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի գործունէութեան:
«Դաշնակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական միութեան անդամները երդման արարողութիւնը ամէն անգամ կատարում են աւագ ընկերների շիրիմներին՝ ի հաւաստում այն բանի, որ նրանց սուրբ գործը շարունակական է եւ կան այն շարունակողները», նշեց Ի. Սաղաթէլեան:
Այնուհետեւ նորագիրները երդումով հաստատեցին կուսակցութեան, այսպիսով, նաեւ հայութեան ազատագրութեան եւ Հայ Դատին նուիրուելու պատրաստակամութիւնը, եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան շարքերը խտացան Երեւանի զանազան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու 16 ուսանողներով: