ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «PanARMENIAN».- Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի հրաւէրով, երկօրեայ պաշտօնական այցով Նոյեմբեր 6ին Ղազախստան ժամանեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Տիգրան Սարգսեան:
Երէկ Ղազախստանի մայրաքաղաքի Ասթանայի նախագահական «Աքորտա» նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու նախագահներու առանձնազրոյցը, որուն յաջորդեցին հայ-ղազախական բանակցութիւնները՝ ընդլայնուած կազմով:
Բանակցութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ շարք մը երկկողմանի համաձայնագիրներու ստորագրութիւն՝ քաղաքացիներու փոխադարձ ուղեւորութիւններու, կրկնակի հարկադրման խուսափումի, միջազգային հաղորդակցութեան, ներդրումներու փոխադարձ պաշտպանութեան, մշակոյթի բնագաւառին մէջ գործակցութեան վերաբերեալ:
Այսօր, այցի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան հայ-ղազախական գործարարներու կլոր սեղան, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ գործարար շրջանակներուն հետ: Նախագահ Քոչարեան ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ Ղազախստանի՝ Հայրենիքի պաշտպաններու յուշարձանին:
Այսօր երեկոյեան, նախագահ Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւան պիտի վերադառնայ: