ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2006-2008ի միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրով, կը նախատեսուի վերականգնել 970 քիլոմեթր ճանապարհահատուած, մասնաւորապէս՝ պետական նշանակութեան ճանապարհներ եւ անոնց վրայ գտնուող արուեստական կառոյցները: Նշուած ծրագիրով, 2007ին պիտի նորոգուի միջպետական նշանակութեան 40 եւ հանրապետական նշանակութեան 250 քիլոմեթր, 2008ին՝ միջպետական նշանակութեան 45 եւ հանրապետական նշանակութեան 250 քիլոմեթր ճանապարհահատուած:
Նախատեսուած է իրականացնել մօտ 300 քիլոմեթր երկարութեան մարզային նշանակութեան ճանապարհներու շահագործում եւ պահպանում, ինչպէս նաեւ՝ 2007ին 60 քիլոմեթր, 2008ին 70 քիլոմեթր ճանապարհահատուածի նորոգութիւն:
Նշուած ժամանակահատուածին, կը նախատեսուին վտանգաւոր նկատուած 70 կամուրջներու, ինչպէս նաեւ երկաթուղային կամուրջներու վիճակի մանրակրկիտ հետազօտման աշխատանքներ:
2006-2008ի միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրով, պետական նշանակութեան ճանապարհներու նորոգութեան համար կը նախատեսուի յատկացնել 2007ին՝ 6 միլիառ եւ 2008ին՝ 7 միլիառ դրամ: Իսկ անոնց պահպանման եւ շահագործման աշխատանքներու կատարման համար 2007ին պիտի տրամադրուի 3.9 միլիառ, 2008ին՝ նոյնքան դրամ: Տեղական (մարզային) նշանակութեան ճանապարհներու պահպանութիւն ծրագիրով նախատեսուած աշխատանքներու համար, 2007ին պիտի յատկացուի 940.2 միլիոն, 2008ին՝ 940.2 միլիոն դրամ: