ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2006ին, Մինեսոթա նահանգին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. դասախօսեց միջազգային համագումարին, որ տեղի կ’ունենայ Նոթր Տէյմ եւ Ինտիանայի համալսարաններու գործակցութեամբ։ Վեհափառ հայրապետը սոյն համագումարին հրաւիրուած էր իբրեւ գլխաւոր դասախօս։
Համագումարին կը մասնակցին բժիշկներ, համալսարանի դասախօսներ, հոգեբոյժներ եւ ընկերաբաններ։ Համագումարի ընդհանուր խորագիրն է «Հաւատքին դերը բժշկութեան մէջ»։
Համալսարանի նախագահը վեհափառ հայրապետը ներկայացնելով, վեր առաւ անոր մեծ ներդրումը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, յատկապէս միջ-եկեղեցական շարժման իր բերած նպաստը դրուատելով։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի միջազգային դէմք մը ըլլալու իրողութեան եւ ներկայացուց յատկապէս ակադեմական աշխարհէն ներս անոր տեղն ու դերը, աստուածաբանական զանազան հրատարակութիւններուն ճամբով։
Աւելի քան ժամ մը տեւող դասախօսութեամբ, վեհափառը համագումարի գլխաւոր խորագիրը հանդիսացող վերոյիշեալ նիւթին մօտեցաւ աստուածաբանական տեսանկիւնէն, յստակ տուեալներով, ու այժմէական հարցադրումներուն պատասխանող բացատրութիւններով։ Մասնակիցներուն կողմէ մեծ գնահատանքով ընդունուեցան յատկապէս վեհափառ հայրապետին կատարած վերլուծումները։ Աւարտին, վեհափառը պատասխանեց շարք մը հարցումներու։
Վեհափառ հայրապետի կողքին, ներկայ էին Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդներ Օշական արք. Չօլոյեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Արեւելեան թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետը, ինչպէս նաեւ ազգայիններ՝ շրջակայ զանազան քաղաքներէն ժամանած։
Նշենք, որ դասախօսութենէն առաջ, վեհափառ հայրապետին այցելեց Նոթր Տէյմ համալսարանի նախագահը եւ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ իր հետ։ Սոյն համալսարանը Միացեալ Նահանգներու կարեւոր համալսարաններէն մէկն է, որուն ուսանողութեան թիւը 20,000 է։
Յայտնենք նաեւ, որ վեհափառ հայրապետին հետ առանձին հանդիպում ունեցան նաեւ Ինտիանա համալսարանի պատասխանատուները։