ՍԷՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած հիւլէական ռումբի փորձարկումին ստեղծած տագնապը մեղմացնելու նպատակով, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննան Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին կոչ ըրաւ Ուաշինկթընի, որ երկկողմանի բանակցութեանց սկսի Հիւսիսային Քորէայի հետ:
Ուաշինկթըն կը մերժէ երկկողմանի բանակցութեանց Փիոնկեանկի առաջարկը, պնդելով, թէ բանակցութեանց պէտք է մասնակցին նաեւ Ճափոնը, Հարաւային Քորէան, Չինաստանը եւ Ռուսիան:
Իր կարգին, մինչ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը կը քննէ Փիոնկեանկի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կարելիութիւնը, Հիւսիսային Քորէա յայտարարեց, թէ իր դէմ պատժամիջոցները «պատերազմական արարք» պիտի նկատուին եւ աւելցուց, թէ հիւլէական ռումբի յաջորդ փորձարկումը կախեալ է Ուաշինկթընի որդեգրելիք կեցուածքէն: