ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի ուժանիւթի նախարարութիւնը Հայաստանէն Վրաստան ելեքտրականութեան վաճառքի դիմում չէ ստացած վրացական իշխանութիւններէն, յայտնեց նախարարութեան մամլոյ սպասարկութիւնը:
Յիշեցնենք, որ 2006ի Դեկտեմբեր 22ի ասուլիսին, ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեան յայտարարած էր, որ նախարարութիւնը Վրաստանին 200 մեկավաթ հզօրութեամբ ելեքտրականութիւն վաճառելու դիմում ստացած էր: Սակայն, ըստ նախարարութեան մամլոյ սպասարկութեան Յունուար 9ի պարզաբանումին, «դա եղել է միայն բանաւոր խօսակցութիւն»: