ԹԷԼ ԱՒԻՒ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի փոխվարչապետ Շիմոն Փերէզ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին յայտարարեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը, զոր պաղեստինցիք կը փորձեն կազմել, «Համաս» կուսակցութեան ծառայող «ցուցափեղկ» մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունեցող «Համաս»ը անպայմանօրէն մաս պիտի կազմէ անոր, եւ այդ շարժումը հետաքրքրուած չէ Իսրայէլի հետ խաղաղութեամբ:
««Համաս» կ՚ուզէ կազմել այդպիսի կառավարութիւն մը՝ պարզապէս վերջ դնելու համար իր կառավարութեան դէմ պարտադրուած տնտեսական շրջափակումին», ըսաւ Փերէզ:
Յայտնենք, թէ «Համաս»ի գլխաւորած պաղեստինեան իշխանութեան կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ Հինգշաբթի օր Իրան ժամանեց, քննելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, Իսրայէլեան բանակը Չորեքշաբթի օր հիւսիսային Կազայի մէջ, սահմանային փշաթելին մօտեցած պաղեստինցիի մը վրայ կրակ բանալով վիրաւորեց զայն, իսկ աւելի ուշ, պաղեստինցի զինեալներ հրթիռ մը արձակեցին հարաւային Իսրայէլի ուղղութեամբ, առանց մարդկային զոհեր խլելու:
Նկարին մէջ, Հանիյէ (ձախին) Թեհրանի մէջ կը կը դիմաւորուի Իրանի փոխնախագահ Փարւիզ Տաւուտիի (աջին) կողմէ: