ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Տաղանդաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի 17 Սեպտեմբերին երկարաշունչ նուագահանդէսով մը հոյակապ ձեւով տօնախմբեց Հայաստանի վերանկախութեան օրը, «Մերքին» համերգասրահին մէջ։ Հոն նաեւ նկարչական ցուցահանդէս մը տեղի ունեցաւ խումբ մը հայաստանցի արուեստագէտներու գործերուն:
Արծրունի ոչ միայն հմայեց յղկուած կատարողական թեքնիքով, համաչափութիւններու եւ արտայայտչական ձեւաւորումներու գերազանց եւ խորունկ զգացումներով, այլեւ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին՝ ընտրած ըլլալուն համար մասնակից ընկերներու բացառիկ խումբ մը (իրապէ՛ս «ընկերներ» եւ ոչ թէ պարզապէս գործակիցներ)։
Զարմալի էր ինծի համար յայտագրի պարունակութեան մէջ լսել իր երկրի որոշապէս ամէնէն յայտնիին՝ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեան առնչուած ու նուիրականացուած «հայկականութենէն» այնքա՜ն քիչ բան։ Ի հակադրութիւն, Միրզոյեանի 1984ին գրուած «Ալպոմ թոռնիկիս» եւ Յարութիւնեանի 2004ին գրուած «Երեխաներու ալպոմ» հաւաքածոները – երկուքն ալ առինքնող պատառիկներ – ոգեկոչեցին Շումանի եւ Չայքովսքիի նմանօրինակ կտորները եւ բնականաբար Քապալեւսքիի այդ ժանրին բերած խորհրդային շրջանի ներդրումները։
Յայտագրի բացումը՝ Միրզոյեանի 1971ի «Փոէմ»ը, նոյն երգահանին 1967ի «Թաւջութակի սոնաթ»ը ներկայացուցին աւելի բարկ եւ կճող անձնաւորութիւն մը (սոնաթը գրուած է Ռոսթրոփովիչի պատուէրով) եւ իր «Չորս չինական ռոմանսեր»ը, յօրինուած 2006ին, ի յայտ բերին խիստ բարձրօրէն զարգացած անհատականութիւն եւ յուզաթաթաւ ոճ մը։
Վարդան Աճէմեանի 1998ին յօրինած թուպայի եւ դաշնամուրի «Ֆանթէզի»ն յայտնուեցաւ որպէս գրաւչօրէն «ուրախ» գործ մը, որ բնաւ չունէր իր մէջ հետքը «անճարակութեան», զոր շատեր կ’ակնկալեն պղնձափողային նուագարաններու ստորնագոյնէն։ Թուպահար Պին Լաւ երեկոյթի գերազանց ախոյեանն էր։
Մարտիրոս Սարեանի վաղամեռիկ որդի Ղազարոս Սարեանի 1990ի երեք «Postlude»ները, Աճէմեանի նախայիշեալ թուպայի գործին նման, այս համերգով ունեցաւ արեւմտեան աշխարհի իր առաջին կատարումը, ներկայացուած Արծրունիի զգաստութիւն ներշնչող պերճախօսութեամբ։
Սակայն ինչ որ յատկապէս տպաւորեց զիս՝ Տիգրան Մանսուրեանի ջութի եւ դաշնամուրի համար 2005ին ստեղծած չորս «Հայրէններ»ն էին, ներշնչուած Նահապետ Քուչակի քառեակներէն։ Դժուար պիտի ըլլայ երեւակայել մեկնաբանութիւն մը, որ գերազանցէ հոյակապ նուագածուներ Քիմ Քաշքաշեանի եւ Շահան Արծրունիի այնքա՜ն խոր ապրումով եւ իրենք զիրենք պարտադրող անձնականութեամբ կատարողութիւնը։
Նոյնպիսի խորութեամբ զիս առինքնեց Զաքարեանի «Quasi Sonatina»ն (1990)։ Երեք մասերէ բաղկացաած գործին երկրորդ բաժինը յատկապէս ունէր Պարթոքի խորհրդաւոր «գիշերային» երաժշտութեան ներհայեաց ուժգնութիւնը. բայց ես կարծես նաեւ զգացի Ռաւէլի հետքերը։
Պոլսահայ Լեւոն Աստուածատուրեանի «Prologue and Motet»ը կ’ընդգրկէ հայկական միջնադարեան տաղերը՝ մեծապէս անձնականացած մօտեցումով։ «Prologue»ը, ինչպէս յայտագրին օգտակար ծանօթագրութիւններէն տեղեկացանք, «ներհայեցողական է եւ յանկուցիչ հակադրութիւն մը կը ստեղծէ արտահայեցողական «Motet»ին։ Երկու մասերուն մէջ ալ երգահանը գործի կը լծէ ուժգնութեան եւ մեղմութեան ծայրայեղ պահեր, օգտագործելով միաժամանակ դաշնամուրի ամբողջական տարածութիւնը»։
Գեղունի Չթչեանի «Հայկական խորաքանդակներ»ը եւս հիմնուած են միջնադարեան տաղերուն վրայ։ Համերգի ընթացքին մեր լսած «պատկեր»ներէն առաջինը կը կոչուէր «Այրիվանք»։ Չթչեանի ոճը թէեւ էապէս լիրիկական է, ունի նաեւ իր տրամաթիք պահերը։
Մենք լսեցինք Գայեանէ Չեբոտարեանի վեց «Prelude»ներէն երկուքը։ Ըստ ծանօթագրութիւններուն, «իւրաքանչիւրը կը պեղէ առանձին գաղափար մը եւ կը պատկերէ բանաստեղծական մէկ տրամադրութիւն… տպաւորելով որպէս յանկարծաստեղծ յօրինումներ։ Թէեւ Չեբոտարեանի երաժշտութիւնը կ’ընդգրկէ որոշ հայկական նկարագիր, ան նաեւ կը դրսեւորէ ռուսական դասական աւանդոյթներու տարրերը»։
Համերգը իր գագաթնակէտին հասաւ փառքի ճառագայթումով։ Բաբաջանեան Խաչատուրեանէ ետք, թերեւս ամենայայտնին էր այս երգահաններուն, եւ անոր դաշնամուրի գործերէն ներկայացուած նմոյշները ձեւաւորուած էին համաձայն Բաբաջանեանի պահանջքներուն եւ կարողութիւններուն՝ որպէս անթերի վիրթիւոզ։ «Հայկական ռափսոտիա»ն եւ «Տօնական»ը Բաբաջանեանի եւ Յարութիւնեանի համատեղ յօրինումներն էին։ Վերջինը պարագայական կտոր մըն էր եւ կատարեալ նմոյշ մը «ընկերվարական իրապաշտութիւն» խորհրդային ըմբռնողութեան. ոգեւորիչ, կենսախինդ երաժշտութիւն մը, որ կ’արտացոլացնէ հասարակ ժողովուրդին կեանքն ու պայքարը։
Քորէացի սոփրանօ Վոնճունկ Քիմ հոյակապ էր Միրզոյեանի «Չինական ռոմանս»ներուն մէջ (Գարուն, Ամառ, Աշուն, Ձմեռ)։ Արծրունիի առընթեր, դաշնակահարներ Շերիլ Սէլցըր ել Ճոէլ Սաքս հաւասարապէս խանդավառեցին ներկաները, իսկ «Շուշի» հայկական պարախումբի գեղեցկատարազ պարողները ճոխացուցին Բարխուդարեանի եւ Յարութիւնեանի գործերը՝ աչքերու ալ խրախճանք պարգեւելով։ Եւ վերջապէս, հարուածային գործիքներու վարպետներ Քրիս Թամսըն եւ Էրիք Փոլընտ թնդացուցին մթնոլորտը։