«Տոլորէս Զօհրապ-Լիպման» հիմնադրամը հաղորդեց, թէ նիւթապէս պիտի օժանդակէ հայագիտական թեմաներով դոկտորական աւարտաճառերու հրատարակութեան:
Պայման է, որ այս աւարտաճառերը ըլլան հայագիտական նիւթերու, հայոց հին պատմութեան մասին հայ պատմաբաններու երկերու, կամ 19րդ դարու եւ աւելի կանուխ ժամանակաշրջանի հայ գրականութեան երկերու մասին:
Ներկայացուող աշխատանքները կրնան հայերէն կամ անգլերէն ըլլալ: Հայերէնի պարագային, անոր պէտք է ընկերանայ անգլերէն որակեալ թարգմանութիւնը:
Դիմումնագիրները պէտք է ներկայացնել իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 15էն եւ Նոյեմբեր 15էն առաջ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ դիմումնագիր ստանալու համար դիմել հետեւեալ հասցէին.-
Liebmann Fund-Publications
c/o M. Haigantz
1518 11th Street
Fort Lee, NJ 07024