ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Երեքշաբթի, Յունուար 9ին ամերիկեան եւ իրաքեան ուժերը համադրուած գործողութիւն մը կատարած են Պաղտատի Հայֆա թաղամասին մէջ, սպաննելով առնուազն 50 զինեալներ:
Պաղտատի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող այդ թաղամասին մէջ նաեւ ձերբակալուած են 21 կասկածելիներ, ներառեալ երեք սուրիացիներ եւ սուտանցի մը:
Շրջանը մեծամասնութեամբ սիւննիներով բնակեցուած է:
Նոյն օրը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Ատանայէն Իրաք ճամբայ ելած ճամբորդատար փոքր օդանաւ մը ջախջախուած է Պաղտատէն 80 մղոն հիւսիս գտնուող շրջանի մը մէջ, որու հետեւանքով մահացած են 30 հոգի եւ վիրաւորուած են 2 ուրիշներ: Օդանաւը թուրք բանուորներ Իրաք կը փոխադրէր: