Լիբանանեան քաղաքական բեմը դարձեալ կ՚ապրի վերիվայրումներ։ Երկխօսութեան ընտրանքը տեղի տուած է, եւ տարակարծութիւնը, աւելի ճիշդ՝ հակամարտութիւնը, փոխադրուած է փողոց։ Կայ երկու յստակ հոսանք։ Մէկը՝ իշխանութիւն եւ իշխանամէտներ, միւսը՝ ընդդիմադիր ճակատ։ Ընդդիմութիւնը, սպառած համարելով ամէն այլընտրանք, դիմած է ցուցական արարքներու, որոնք ամէն պարագայի ժողովրդավար երկիրներու մէջ ընդունուած կարգ են, նաեւ՝ Լիբանանի մէջ։ Անշուշտ՝ քաղաքակիրթ միջոցներով ցոյց, նստացոյց, եւ ոչ՝ խափանարար։
Այս ակնարկը չի միտիր վերլուծելու այն տիլեման, որ ստեղծուած է այսօր։ Այսինքն՝ փողոց պէ՞տք էր դիմել, թէ ոչ։ Ակնարկը նաեւ չի միտիր վերլուծելու այն բոլոր շրջանային-միջազգային, իմա՛ արտաքին տուեալներն ու պատճառները, որոնք յստակօրէն առկայ են երկու հոսանքներուն պարագային հաւասարապէս, թէեւ այլ առիթով մը կ՚արժէ նաեւ վերլուծել այդ հոլովոյթը։
Սոյն ակնարկը կը միտի հիմնաւորել այն կողմնորոշումը, զոր որդեգրած է լիբանանահայ գաղութին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։ Այլ խօսքով՝ պէտք է հիմնաւորել, թէ ինչո՛ւ մեր համայնքի զաւակներուն ուշագրաւ մեծամասնութիւնը կը զօրակցի ընդդիմութեան։
Սակայն նախքան հիմնաւորելը կամ մեր զօրակցութեան տուն տուող պատճառները թուելը, պէտք է կանխել եւ հաստատել, որ մենք միշտ ալ նախապատուութիւնը տուած ենք երկխօսութեան, շինի՛չ երկխօսութեան անշուշտ։ Միշտ ալ հաւատացած ու բանիւ եւ գործով ձգտած ենք բոլոր հարցերը ազգային միասնականութեան հարթակի վրայ լուծել, բանականութեամբ եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ շրջանցել հիմնահարցերը եւ մանաւանդ երկիրը բաղկացնող բոլո՛ր կողմերուն ամբողջական մասնակցութեամբ ու յանձնառութեամբ Լիբանանը առաջնորդել դէպի ապահով ափ։
Դժբախտաբար, սակայն, յիշեալ բոլոր ընտրանքներն ու նախապատուութիւնները յայտնապէս սպառած են եւ միջին եզրի հասկացողութիւնը, բարեխառն ու հաւասարակշռուած ուղղութեան այլապէս լաւագոյն ընտրանքը վրիպած է։ Ստեղծուած է կացութիւն մը, ուր կա՛մ այս, կա՛մ այն խրամատին մէջ ես։ Եւ մենք ընտրած ենք ընդդիմադիր ճակատի խրամատը։ Ուստի հիմնաւորենք, թէ ինչո՛ւ։
Իբրեւ քաղաքացիներ՝ բնականաբար կը ձայնակցինք երկիրին մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական, ելեւմտական հեղձուցիչ իրավիճակին դէմ ընդդիմադիր ճակատի բարձրացուցած բողոքի ալիքին։ Փաստօրէն, ներկայ իշխանութիւնները երկրին ղեկը ստանձնած թուականէն ասդին չեն յաջողած բարելաւել յիշեալ պայմանները. ընդհակառակն, տուեալ մարզերը մատնած են սրընթաց նահանջի։ Անտեղի տուրքերը, երկիրին ընդհանուր պարտքերը, կենսամակարդակն ու սղաճը, անգործութիւնը փոխանակ նուազելու՝ մագլցում արձանագրած են։ Հետեւաբար, իշխանութիւնները ձախողած են իրենց առաքելութեան մէջ։
Զուգահեռաբար կայ նաեւ համայնքային մտածողութեան հոլովոյթը։
Լիբանան հիմնուած է համայնքային դրութեան եւ համակեցութեան սկզբունքի վրայ, եւ որեւէ խախտում այդ իմաստով՝ երկիրը կը մատնէ անելի։
Ներկայ իշխանութիւնը նմանօրինակ ընթացքով խախտեց այդ սկզբունքը եւ դարձաւ խոցելի՝ մեր համայնքին նկատմամբ կիրարկած իր քաղաքականութեամբ։ Մասնաւորենք ըսուածը քանի մը ընդգծելի օրինակներով, ուր բացայայտ կը դառնայ յատկապէս գործադիր իշխանութեան ենթակայական ու խտրական մօտեցումը. տուեալ մը, որ երբեք չ՚արդարացներ ղեկավարութիւն հասկացողութիւնը։
1.- Ընտրական խտրականութիւն։ Այլ խօսքով՝ համայնքի 90 տոկոս կազմող ջախջախիչ մեծամասնութեան կամքի անտեսում։
2.- Նոյն տրամադրութեամբ եւ նոյն վարքագիծով՝ նախարարաց խորհուրդի կազմութիւն։
3.- Անտեսում հայ համայնքի համայնքապետներուն կոչին։ Թրքական ուժերու ներկայութեան դէմ համայն լիբանանահայութեան արժանապատուութեան խոցում եւ համայն լիբանանահայութեան կամքի ու բողոքի անտեսում։
Վերոյիշեալ կէտերը, որոնք հիմնական նշանակութիւն կը ստանան մեր համայնքին համար, լաւագոյնս կ՚ապացուցեն իշխանութեան անբացատրելի, անընդունելի ու մանաւանդ՝ ենթակայակա՛ն ու կամայակա՛ն քաղաքականութիւնն ու մօտեցումը Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկուն նկատմամբ։ Բացայայտ ու դատապարտելի այս շրջանցումը, որ մեղանչում մըն է յաչս ժողովրդավարութեան, նաեւ խախտում է թայէֆեան համաձայնագիրով ամրագրուած Լիբանանի համակեցութեան կենսական ու անփոխարինելի սկզբունքին։
Ահա թէ ինչո՛ւ մեր համայնքի զաւակներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը զօրակցի ընդդիմադիր ճակատին, ահա թէ ինչո՛ւ դէմ ենք հատուածական հակումներով ներկայ իշխանութեան, ահա թէ ինչո՛ւ ձայնակցելով ընդդիմադիր ճակատին՝ կը պահանջենք ազգային միասնութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը, որուն պահանջը մենք շատ աւելի կանուխ բարձրացուցած ենք եւ որ միակ երաշխիքն է հաւասարութեան եւ համակեցութեան սկզբունքի պահպանման, որ միակ լուծումն է հարցերու յաղթահարման ու փարատման, հուսկ՝ միա՛կ միջոցն է լիբանանեան հայրենիքի գոյատեւման։
ՊԷՅՐՈՒԹ