ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12ին, իսրայէլեան «ապահովական» ուժերը դարձեալ Կազայէն ներս խուժելով սպաննեցին վեց պաղեստինցիներ, մինչ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ կառավարութիւնը իր հակակշռին տակ պահող «Համաս» կուսակցութեան միջեւ լարուածութիւնը կը սրէր:
Հարաւային Կազա ներխուժած իսրայէլացի զինուորները պաղեստինցի զինեալներու հետ բախումներուն ընթացքին սպաննեցին «Համաս»ի անդամ երեք զինեալներ, ինչպէս նաեւ երեք քաղաքայիններ, ներառեալ 13ամեայ պատանի մը: Վիրաւորուեցան 14 ուրիշներ:
Նոյն օրը, անյայտ զինեալներ սպաննեցին Ապպասի հակակշռին տակ գտնուող ապահովական ուժերու պատասխանատու մը, աւելի եւս սրելով «Համաս»-«Ֆաթհ» լարուածութիւնը:
Չորեքշաբթի օր իսրայէլեան օդուժը հրթիռ մը արձակած էր պաղեստինցի երեսփոխան Մարիամ Ֆարհաթի Կազայի բնակարանին վրայ, պատճառաբանելով, թէ ռումբերու պատրաստութեան գործարան մը կայ շէնքին մէջ… Ֆարհաթ, որ առաւելաբար ծանօթ է Ում Նիտալ անունով, յաճախ հպարտութեամբ կը յիշեցնէ, թէ իր վեց զաւակներէն երեքը նահատակուած են պաղեստինեան ապստամբութեան ընթացքին:
Իսրայէլեան բանակը Չորեքշաբթի օր նաեւ սպաննած էր պաղեստինցի մը Կազայի մէջ, իսկ ուրիշ մը՝ Արեւմտեան Ափի մէջ:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր կարելի եղաւ ազատ արձակել ամերիկացի ուսանող մը, որ պաղեստինեան խմբակի մը կողմէ առեւանգուած էր: