ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յառաջիկային Ուաշինկթընի մէջ պիտի բացուի Հայաստանի առեւտրական ներկայացուցչութիւն, եւ այսպիսով՝ Հայաստան կ’ունենայ առեւտրական ներկայացուցչութիւն չորս կարեւոր քաղաքներու մէջ՝ Պրիւքսէլ, Ժընեւ, Մոսկուա, Ուաշինկթըն:
Այս մասին նշեց արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Նոյեմբեր 7ին Ազգային ժողովին մէջ՝ 2007ի ամավարկի արտաքին քաղաքականութեան հատուածի քննարկման ժամանակ: Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ նպատակ կայ աւելցնելու դիւանագիտական կազմը արտերկիրի մէջ, իսկ Հայաստանի հինգ ներկայացուցչութիւններու մէջ (Աւստրիա, Պելճիքա, Հունգարիա, Ֆրանսա եւ Եւրոմիութիւն) աւելցած է խորհրդականի պաշտօնը:
Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ կը քննուի Հունգարիոյ մէջ դեսպանատուն ունենալու հարցը:
Նշենք նաեւ, որ 2007ին կը նախատեսուի Պրազիլի մէջ դեսպանատուն ունենալ, իսկ Պաթումի մէջ՝ հջւպատոսութիւն: