ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սահմանադրական դատարանը Նոյեմբեր 7ի նիստին սահմանադրութեան հակասող եւ անվաւեր յայտարարեց Ընտրական օրէնսգիրքի (ԸՕ) այն դրոյթները, որոնք կը նախատեսեն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի եւ ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովներու կազմին մէջ դատաւորներու ընդգրկումը:
ՍԴի կողմէ անվաւեր եւ սահմանադրութեան հակասող յայտարարուեցան նաեւ ընտրական օրէնսգիրքի այն դրոյթները, որոնք կը նախատեսեն ԿԸՅի եւ ԸԸՅներու թափուր տեղերը ամբողջացնել դատաւորներով: Նշենք, որ Սահմանադրական դատարանը յիշեալ թղթածրարը կը քննէ Ազգային ժողովի 27 պատգամաւորներու դիմումի հիման վրայ: