ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը մօտ օրերս շրջանառութեան պիտի դնէ արծաթէ յուշադրամներ, որոնց վրայ պատկերուած են կովկասեան անտառակատուն եւ Միջերկրականի կրիան:
Ըստ Կեդրոնական դրամատան տեղեկատուութեան, 100 դրամնոց յուշադրամները հրապարակուած են «Կովկասի կենդանական աշխարհ» միջազգային ծրագիրի շրջանակներով: Ծրագիրին մէջ ներառուած են նաեւ այն կենդանիները, որոնք ընդգրկուած են Հայաստանի Կարմիր գիրքին մէջ: