ՄԱՅԱՄԻ, «Էյ.Փի.».- Ամերիկեան արհեստավարժ ֆութպոլի աւարտական մրցումը հանդիսացող «Սուփըր պոլ»ը այս տարի իրարու դէմ հանեց Ինտիանափոլիսի «Քոլթս» եւ Շիքակոյի «Պէրզ» խումբերը:
Կիրակի, Փետրուար 4ին Մայամիի մէջ տեղի ունեցած մրցումէն ետք, 41րդ «Սուփըր պոլ»ի բաժակը իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով խլեց «Քոլթս»ը, 29-17 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Շիքակոյի խումբը:
«Քոլթս» վերջին անգամ 36 տարիներ առաջ բարձրացուցած էր այս բաժակը:
Նկարին մէջ, մրցումին լաւագոյն մարզիկը ընտրուած «Քոլթս»ի Փէյթըն Մէնինկ ցոյց կու տայ բաժակը: