ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Հոկտեմբեր 12ին հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ յանձնաժողովներու նախագահներուն եւ աշխատակազմի ծառայութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ։
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննուեցան ԼՂՀ սահմանադրութեան նախագիծի հանրային քննարկման կազմակերպման եւ ԱԺ յառաջիկայ հերթական լիագումար նիստի հրաւիրման նպատակով օրինագիծերու նախապատրաստութեան հարցերը։
Սահմանադրութեան նախագիծի կապակցութեամբ, ԱԺ նախագահը յայտնեց, որ ան քանի մը հազար տպաքանակով պիտի հրապարակուի «Ազատ Արցախ» թերթին մէջ՝ հանրային քննարկման նպատակով, ինչ որ նախատեսուած է իրականացնել մինչեւ Հոկտեմբեր 21։