Եւրոպացի կանանց գեղեցկութիւնը հմայիչ ու նախանձելի է իւրաքանչիւր կնոջ համար, յատկապէս սկանտինաւեան մելամաղձոտ ու պարզ գեղեցկութիւնը: Ի՞նչ է անոնց գաղտնիքը:
Երբեմն կ’ըսենք ծիներ ու ցեղային յատկանիշներ, սակայն անոր վրայ ալ կ’աւելնայ որոշ միջոցներու կիրարկում, որոնք շատ պարզ են իրենց գեղեցկուհիներուն նման: Արդեօք փորձա՞ծ էք ձեր մազերուն փայլք տալ քամոմիլով, կամ ձեր շրթները փափկացնել մեղրով: Աշխարհի տարածքին գրեթէ իւրաքանչիւր ժողովուրդի կանայք ունին իրենց գեղեցկութեան իւրայատուկ, աւանդական եւ փաստուած գաղտնիքները:
Վերջերս յայտնաբերած եմ այս նոր, բայց վաղեմի միջոցները, որ կը բաժնեմ ձեր հետ, սիրելի ընթերցողներ: Ուրեմն, հոս կը փորձենք ամփոփել եւրոպացի կանանց օգտագործած գեղեցկութեան որոշակի միջոցները, նկատի առած, որ Եւրոպան ծանօթ է նորաձեւութիւններով: Փարիզը աշխարհի գեղեցկութեան մայրաքաղաքն է, Միլանը շուկաներու նորաձեւութեան անկիւնն է: Բնական գեղեցկութիւնը անշուշտ իր դրոշմը ունի, սակայն անոր կողքին հարկ է յիշել, թէ Եւրոպայի կարգ մը շրջաններու մէջ, կիներէն շատեր երբեք կամ շատ նուազ շպար կ’օգտագործեն, սակայն անով հանդերձ անոնց տեսքը հրաշալի է եւ նաեւ շատ առողջ՝ ոտքէն մինչեւ գլուխ:
Շպարը սրբելու միջոց մը,
որ շատ քաղցր է
Ֆրանսայի գեղեցկուհիները այնքան ուշադրութեամբ կը վարուին իրենց մորթին հետ, ինչպէս թանկարժէք յախճապակեայ իր մը, յատկապէս աչքերուն շուրջը: Զանոնք կը խնամեն կատարեալ բծախնդրութեամբ: Անոնք իրենց աչքերու մասի շպարը կը վերացնեն՝ միաժամանակ խոնաւ պահելով ու փափկացնելով: Ուրեմն, ի՞նչ է ձեւը: Քաղցր նուշի իւղը: Այո՛, այդ իւղէն կաթիլ մը մաքուր բամպակին վրայ դնելով, անոնք կը սրբեն իրենց աչքերը ու անոր փափկութիւնը կը պահպանեն:
Ձեր ոտքերը դարմանեցէք
Մեր ոտքերը ամբողջ օրը մեզ շալկելու ծանր պարտաւորութիւնը ունին, բայց մենք բաւական ապերախտ կը գտնուինք անոնց հանդէպ: Մեր յոյսը դրած կ’ըլլանք մեր եղունգները խնամողին վրայ, որ երբեմն հապճեպով եղունգներու խնամքին կողքին արագ միջոցներով կը փորձէ հանգստացնել մեր բազմաչարչար ոտքերը: Ժամանակն է, որ ձեր ոտքերուն խնամքը ապահովէք տան մէջ, առանց դժուարութեան: Այսպէս, դուք պիտի վայելէք շատ գեղեցիկ ոտքի մատներ տարուան բոլոր եղանակներուն՝ անխտիր: Լուծումը՝ ձիթաիւղն է: Այս անգամ ալ շատ պարզ է: Ձեր ոտքերը գեղեցկացուցէք զանոնք մխրճելով գաղջ ձիթաիւղի մէջ քանի մը վայրկեան, ապա զանոնք «կշտացուցէք» քարաղով ու լաւ մը շփեցէք եւ ամէնէն վերջը լաւ ցողուեցէք: Գեղեցկութեան մասին դուք կրնաք լաւագոյնս վկայել:
Մաքրուելու համար…
Ֆրանսուհիները իրենց մորթին վրայ կուտակուած թունաւոր նիւթերը կը վերացնեն կաւով: Կաւը մորթին իւղը կը ծծէ եւ նաեւ կը մաքրէ զայն՝ առանց չորացում պատճառելու կամ բորբոքում յառաջացնելու: Կաւը կը վերացնէ թունաւոր նիւթերը եւ արեան շրջանառութիւնը կը լաւացնէ: Կաւը գտնելու համար կրնաք դիմել ձեր շրջանին խանութներուն: Լաւագոյնը զայն կարելի է գտնել փոշի վիճակի մէջ: Տուն բերէք եւ ջուրով լաւ մը շաղեցէք զայն, թանձր խիւսի վերածելով: Ձեր դէմքը ու մարմինը ծեփեցէք պատրաստուած շաղախով, ձգեցէք որ չորնայ եւ ապա լաւ մը լուացէք: Արդիւնքներուն համար կրկին կը վստահինք ձեր վկայութեան:
Եթէ ձեր մորթի ծակտիկները բաւական լայն են եւ ձեր մորթը մթագնած, կաւի «մասք»ը լուծումն է ձեր մտահոգութեան: Ան կը մաքրէ ձեր դէմքը՝ միաժամանակ վերացնելով մթագնած երեւոյթը ու անոր կենդանութիւն կը պարգեւէ:
Վարունգը մեծապէս կը նպաստէ աչքերուն շուրջ գտնուող ուռեցքը մեղմացնելուն: Վարունգը կլոր շերտերու վերածեցէք եւ քանի մը վայրկեան ձեր կոպերուն վրայ զետեղեցէք: Այս ձեւով կրնաք վերացնել ձեր աչքերուն շուրջ գտնուող անախորժ ուռած պատկերը: Նոյն արդիւնքին կարելի է հասնիլ նաեւ քամոմիլով ողողուած բամպակներու միջոցով:
Այս դիւրին ու արագ գործադրուող միջոցները գեղագիտութեան հնարքներ են, սակայն անոնք շատ երկար տարիներու գործադուած միջոցներ են, որոնց մասին մեր մեծ մայրերն անգամ իրենց վկայութիւնները ունին: Օգտագործեցէ՛ք զանոնք եւ բարիքները վայելեցէ՛ք:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
– Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ, բայց Տէրը կ’ուղղէ անոր քայլերը:
– Հաւատքով լեցուած անձնաւորութիւններն են, որ աստուածամերձ կը դառնան, կը ներշնչուին իրենց այդ կոչումին եւ առաքելութեան համար:
– Կ’արժէ հոգի մը կրթել, քան աշխարհ մը ստեղծել:
– Քու իսկական գանձդ այն է միայն, զոր կը կրես սրտիդ մէջ:
Տիմոֆիզոս
– Բարեկամութեան ամուր հիմը վստահութիւնն է, իսկ ցողունը հաւասարութիւն:
– Մաքրութեան մէջ թէ՛ հոգին եւ թէ մարմինը իրենց հանգստութիւնը կը գտնեն:
– Լաւ է քիչով երջանկանալ, քան թէ երեւակայութեան մէջ ապրելով ինքզինք դժբախտացնել:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Բանջարեղէնները Փուռին Մէջ
4 Հոգիի Համար
1/4 գաւաթ կարկանդակի փոշի
1 ա. դգալ փարմեժան
պանիր
1/8 թ. դգալ paprika
2 գաւաթ 1/4 ինչ հաստութեամբ փոքր դդումի շերտեր, սոխի կլոր շերտեր կամ ծաղկակաղամբ
2 ա. դգալ իտալական
աղցանի թացան
Պատրաստութիւն
Ափսէի մը յատակը ձէթով ծեփեցէք ու մէկ կողմ դրէք:
Ամանի մը մէջ միասին խառնեցէք կարկանդակի փոշին, պանիրը եւ paprika-ն:
Ուրիշ խորունկ ամանի մը մէջ դրէք բանջարեղէնները ու վրան ցանեցէք աղցանին թացանը ու լաւ մը թօթուեցէք: Ապա բանջարեղէնները դարձուցէք փոշիի խառնուրդին մէջ եւ քով-քովի զետեղեցէք իւղոտած ափսէին մէջ:
Եփեցէք բանջարեղէնները 450 F աստիճանով՝ 9-11 վայրկեան, կամ մինչեւ ոսկեգոյն դառնալը:
Սննդագիտական
1 պնակը 51 ջերմուժ, 2 կրամ իւղ, 2 միլիկրամ քոլեսթերոլ, 79 միլիկրամ սոտիում, 7 կրամ շաքարեղէն, 2 կրամ փրոթին: