Անկախաբար այն մեկնակէտէն, թէ մենք սկզբունքով որեւէ ընկերային շարժառիթով բողոքի ցոյցերու թեր պէտք է ըլլանք՝ գաղափարական իսկ մեր համոզումներէն մեկնած, այսօրուան ցոյցին թեր ըլլալը իւրաքանչիւր լիբանանցիի պարտականութիւնը պէտք է նկատուի, առանց գաղափարական կամ քաղաքական խտրութեան։
Ինչո՞ւ։
Պարզ է։
Որովհետեւ Աշխատաւորական համադաշնակցութեան կազմակերպած այսօրուան ցոյցը ունի յստակ պատճառ. բողոք՝ «Թէ. Վէ. Ա.»ի բարձրացման դէմ։
Արդարեւ, կառավարութիւնը որոշած է տուրքերը ութ առ հարիւրով բարձրացնել, այսինքն՝ տասէն տասնութը տոկոսի վերածել, որուն հիմամբ պարզ տրամաբանութեամբ կը նշանակէ սղաճ, կարճ՝ սղութիւն։
Ո՞ր լիբանանցին դէմ կրնայ ըլլալ կամ թեր չըլլալ, ուրեմն, այսօրուան ցոյցին։ Թէեւ կրնայ ըլլալ, որ քաղաքական վերջին քաշքշուքներուն ծիրին մէջ դիտուի այսօրուան ցոյցը, առնուազն «թայմինկը» այդ կը յուշէ, բայց ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, խորքային մօտեցումը կը պահանջէ ձայնակցիլ ցոյցին, ի խնդիր քաղաքացիին, ժողովուրդի՛ն շահերուն, որոնք ոտնակոխուած են բոլորի՛ն կողմէ, դժբախտաբար։
Ընկերային իրաւունքի եւ թեր ըլլալու այս պարզ ու բնական տրամաբանութեան զուգահեռ կայ նաեւ այլ հարց մը, որ նոյնքան վիրաւորական է քաղաքացիին համար։
Հարցը հետեւեալն է.
Ընկերային անարդարութեանց, սղաճին, տուրքերուն դէմ շուրջ ամիսէ մը ի վեր բողոքի ցոյցերով ու ամէնօրեայ նստացոյցով հանդէս եկող ժողովուրդին ձայնը փոխանակ լսելի դառնալու, փաստօրէն հակառակն է, որ կը պատահի։ Այսինքն՝ փոխանակ դարման գտնելու սղաճի դէմ ժողովրդային արդար պահանջին, սղաճն է, որ աւելի կ՚արմատաւորուի նոր տուրքերով։ Արդ, ո՞ր քաղաքացին, ո՞ր տրամաբանութեան տէր լիբանանցին, անկախ իր համայնքային պատկանելիութենէն ու քաղաքական իր հակումէն, չ՚ընդվզիր նման կեցուածքի մը ի տես։ Կարելի՞ է ընդունիլ նման քաղաքականութիւն։ Կարելի՞ է մարսել նման նուաստացում, նման անտեսում, ժողովրդային կամքի նման շրջանցում, այդ ալ ա՛յս նրբազգաց օրերուն, արդէն իսկ ալեկոծ ու բոլորին ծանօթ ներկայ միջավայրին մէջ։ Իրապէս անտրամաբանական բան մը կայ տեղ մը, որ, սակայն, ամէն պարագայի անընդունելի է ու դատապարտելի։
Ահա թէ ինչո՛ւ այսօրուան ցոյցին թեր ըլլալը ամէն իմաստով արդար է, ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է ձայնակցիլ անոր իբրեւ քաղաքացի, անկախ համայնքային ու քաղաքական պատկանելիութենէ։
Յունուար 9, 2007